Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, վաղը` հինգշաբթի, 21 յունիսին տեղի կ՛ունենայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, յառաջիկայ ամիս տեղի ունենալիք Լիբանանի 41-րդ միջազգային ռելիին վերաբերեալ:
Անիկա տեղի պիտի ունենայ վերոնշեալ ակումբին մէջ (Քասլիք):
Անոր ընթացքին պիտի յայտարարուին լուսաբանական որոշ կէտեր` այդ ռելիին վերաբերեալ:
Լիբանանի այս ռելին կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:


