Մանչեսթըր Եունայթըտի բերդապահ Տաւիտ Տը Ժէա մօտ է անգլիական ակումբին հետ նոր պայմանագրութիւն մը կնքելուն, կը յայտնէ «Մարքա»:
Ակումբին եւ 27 տարեկան ֆութպոլիստին ներկայացուցիչներուն միջեւ բանակցութիւնները կը կատարուին այս տարուան յունուարէն:
Նշուեցաւ, որ կողմերը համաձայնութեան եկած են հինգ տարուան պայմանագիր կնքելու առնչութեամբ:
Տը Ժէա, որ տարեկան պիտի ստանայ 21 միլիոն եւրօ, պիտի դառնայ աշխարհի ամէնէն շատ վարձատրուող բերդապահը` գերազանցելով գերմանացի Մանուէլ Նէօյըրը, որ Պայէրն Միւնիխէն կը ստանայ տարեկան 15 միլիոն եւրօ:
Նշուեցաւ, որ այս պայմանագրութիւնը պիտի կնքուի Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալին աւարտէն անմիջապէս ետք:



