Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Անթուան Կրիզման, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալին, նոր պայմանագրութիւն մը կնքեց իր ակումբին` Աթլեթիքօ Մատրիտի հետ: Այսպիսով, ան մինչեւ 2023 պիտի մնայ անոր հետ:
Անոր հետ միասին իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց նաեւ այլ ֆրանսացի մը` յետսապահ Լուքա Հեռնանտեզ (մինչեւ 2024):
Աթլեթիքոյի հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց նաեւ Մոնաքոյէն տեղափոխուած ֆրանսացի Թոմա Լեմար, որ պիտի ենթարկուի բժշկական քննութիւններու:



