Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Մերժած Է Ասորիներու Համար Մայրենի Լեզուով Կրթութեան Մասին Առաջարկը

June 20, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ խորհրդարանը մերժած է ասորերէնը դասաւանդման համար նախատեսուած լեզուներու ցանկին վրայ ներառելու առաջարկը, որ ուղղուած էր երկրին մէջ ասորի համայնքին համար մայրենի լեզուով ուսումնական ծրագիր կազմելուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Արթիկերեճեք» կայքը:

Առաջարկը խորհրդարանին յղած է Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, Պաթմանէն ընտրուած երեսփոխան Մեհմետ Ալի Ասլանը: Երեսփոխանը իր պահանջը յղած է ասորերէնով, որ կը հանդիսանայ Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ առաջին ասորերէն խորհրդարանական առաջարկը:

Ասլան իր գրաւոր առաջարկին մէջ շեշտած է, որ Թուրքիոյ մէջ կը բնակի շուրջ 20-25 հազար ասորի, եւ անոնց` Թուրքիոյ պետական լեզուն հանդիսացող թրքերէնէն բացի մայրենի լեզուով կրթութիւն ստանալը այլեւս պարտադիր պահանջ է:

Յատկանշական է, որ Ասլանի գրաւոր առաջարկը խորհրդարանին յղուած է ասորիներու ցեղասպանութեան հերթական տարելիցի օրերուն:

Լոզանի դաշնագիրին հիմամբ կրօնական փոքրամասնութիւն նկատուելու շնորհիւ հայերը իրաւունք ունին Թուրքիոյ մէջ սորվելու իրենց մայրենի լեզուն, իրաւունք մը, որմէ զրկուած են քիւրտերը, զազաները, չերքեզները եւ լազերը:

Ասորիները Լոզանի դաշնագիրով իրենց կարգին նկատուած են փոքրամասնութիւն, սակայն անոնց պատկանող համայնքային դպրոցները, Թուրքիոյ մէջ փակուած են 1928-էն ի վեր:

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն Եւ Սէուլ Ջնջած Են Փիոնկիանկը «Ջղայնացնող» Ռազմափորձերը

Յաջորդը

Այնթապի Մէջ Թուրքերու Եւ Սուրիացի Գաղթականներու Միջեւ Հրացանաձգութիւն

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.