Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող կազմերէն Ախա Ահլի Ալէյ յայտարարեց, որ այսօր` երեքշաբթի, 19 յունիսին, խումբը կը սկսի իր փորձերուն` պատրաստուելու համար 2018-2019 տարեշրջանին:
Այս փորձերուն պիտի մասնակցին խումբին բոլոր մարզիկները` հսկողութեամբ իրաքցի գլխաւոր մարզիչ Ապտել Ուահապ Ապու Հելի, որուն օգնականները պիտի ըլլան Սայիտ Իսքանտար եւ իրաքցի Մուին Ժամիլ (Վերջինս բերդապահներու մարզիչն է):



