Երէկ` երկուշաբթի, 18 յունիսին, Մալթայէն Լիբանան վերադարձաւ Լիբանանի հրացանաձգութեան պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք աշխարհի ախոյեանութեան:

Լիբանանեան պատուիրակութեան անունը եկաւ բարձր պահելու Ալեն Մուսա, որ յաջողեցաւ ապահովել վերջին հանգրուանի իր տոմսը եւ աւարտին գրաւել 5-րդ պատուաբեր դիրքը:
Անոր կողմէ վրիպած երեք հարուածները սուղ արժեցին, այլապէս ան անկասկած մրցանակային տեղ մը կրնար գրաւել:
Լիբանանեան կազմին մէջ էին նաեւ Ռէյ Պասիլ, Էլի Պաժժանի եւ Ռոժէ Սալիպի:


