Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց շարք մը անձնաւորութիւններ, որոնց հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան ընթացքն ու լիբանանեան շրջաններուն կարիքները:
Նախագահ Աունի այցելուները անհրաժեշտ նկատեցին արագացնել կառավարութեան կազմութիւնը` դիմագրաւելու համար լիբանանեան զարգացումները:
Նախագահ Աուն ընդունեց Ժեզզինի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Ժեզզինի երեսփոխաններ Զիատ Ասուատ, Իպրահիմ Ազար եւ Սելիմ Խուրի, քաղաքապետ Խալիլ Հարֆուշ եւ Ժեզզինի մարոնի եկեղեցւոյ քահանայ Էլիաս Հըլու:
Պատուիրակութիւնը նախագահ Աունը հրաւիրեց ներկայ գտնուելու Ժեզզինի Մար Մարուն եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 150-ամեակին առիթով մատուցուելիք Ս. պատարագին, 28 յուլիս 2018-ին:
Իր կարգին, նախագահ Աուն ողջունեց պատուիրակութիւնը` շեշտելով, որ իր արմատները ուրացող իւրաքանչիւր մարդ անհատ կը նմանի կոտրուած ծառի մը, որ ի վերջոյ կը չորնայ:
Նախագահ Աուն անդրադարձաւ 1860-ի Ժեզզինի սպանդներուն` շեշտելով, որ անոնք ահաւոր եղած են շրջանի բնակչութեան համար, որոնք բնաջնջուած են: «Ես կու գամ ընտանիքէ մը, որուն շարքերուն մեծ թիւով նահատակներ արձանագրուած են, եւ որմէ կենդանի մնացած է միայն յղի կին մը, որուն շառաւիղներէն է մեծ հայրս», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ինք հպարտ է Ժեզզինէն արմատներ ունենալու առնչութեամբ:
Ան կոչ ուղղեց պատուիրակութեան աշխատելու ի խնդիր Ժեզզինի բարգաւաճումին: «Ոչ ոքի արտօնեցէք Ժեզզինի դէմ խօսիլ կամ գործել, այլ` պաշտպանեցէ՛ք անոր շահերը», ըսաւ հանրապետութեան նախագահը:
Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ երեսփոխան Մարիօ Աունը, որուն հետ քննարկեց Շուֆի մէջ իրագործուելիք բարգաւաճման ծրագիրներու գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ Տամուրի մէջ կառավարական հիւանդանոց մը հիմնելու կարելիութիւնները:
Նախագահ Աունի այցելեց Քեսրուանի երեսփոխան Ռոժէ Ազար, որ ներկայացուց Քեսրուան-Ֆթուհի կարիքները` շեշտելով, որ այս գծով ինք շօշափած է այդ ծրագիրները գործադրելու նախագահ Աունի յանձնառութիւնը:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Ղովմի կուսակցութեան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ կուսակցութեան ղեկավար Հաննա Նաշեֆի եւ ընկերակցութեամբ խորհրդարանական հարցերու պետական նախարար Ալի Քանսոյի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շարք մը հարցեր, որոնց շարքին` փտածութեան դէմ պայքարի կարեւորութիւնը:
Ղովմի կուսակցութեան ներկայացուցիչները հաստատեցին իրենց զօրակցութիւնը նախագահ Աունի կեցուածքներուն, որոնք կը վերաբերին Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին:
Անդրադառնալով կառավարութեան մէջ Ղովմի կուսակցութեան ներկայացուցչութեան` անոնք հաստատեցին, որ նախագահ Աունէն պահանջած են, որ Ղովմի կուսակցութիւնը ներկայացուի նախարարով մը` անկախ համայնքային կամ յարանուանական իր պատկանելիութենէն:



