Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեանի, պիտի մասնակցի Եւրոպական-Միջերկրականեան երկիրներու վիճակագրողներու Է. համագումարին:
Համագումարը, որ տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 20 եւ հինգշաբթի, 21 յունիս 2018-ին, Հռոմի մէջ, կազմակերպուած է Եւրոսթաթի վիճակագրական կառոյցներուն կողմէ:
Եւրոպական-Միջերկրականեան երկիրներու վիճակագրողներու համագումարին մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութեան մաս պիտի կազմեն վիճակագրողներ Նաժուա Եագուպ եւ դոկտ. Լարա Պատըր:
Նշենք, որ Եւրոպական-Միջերկրականեան համագործակցութեան խորհուրդի նախագահի պաշտօնը չորս տարուան համար վարած դոկտ. Մարալ Կիտանեան հաստատեց, որ Լիբանան իր կշիռը ունի վիճակագրութեան այս աշխատանքներուն մէջ եւ Լիբանանի ներդրումը հսկայ պիտի ըլլայ ընկերային ու գաղթականներու վերաբերող վիճակագրութեան իմաստով կատարուելիք վարժութիւններուն պարագային:



