Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, որ նախապէս խոստացած էր, որ արտակարգ ընտրութիւններէն ետք երկրին մէջ գործող արտակարգ դրութիւնը պիտի վերցուի, այժմ յայտարարած է, թէ այդ դրութիւնը կրնայ վերահաստատուիլ` «ահաբեկչութեան դէմ պայքարը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու համար»: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Թի.24» կայքը:
Էրտողան նաեւ հաւաստած է, որ արտակարգ դրութիւնը որեւէ ձեւով պիտի չազդէ ժողովուրդի կենսակերպին եւ պետական հիմնարկներու աշխատանքին վրայ:
«Արտակարգ դրութեան վերադարձը խնդիր չէ, եթէ պէտք ըլլայ, դարձեալ կը հաստատենք արտակարգ դրութիւն: Բայց ինչո՞ւ` ահաբեկչութեան դէմ պայքարին համար», ըսած է ան` շեշտելով, որ իրենք ոչ մէկ պարագայի պէտք է թուլացնեն զգօնութիւնը ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ:
Օրեր առաջ Թուրքիոյ նախագահը խոստացած էր, որ երկրին մէջ 24 յունիսին տեղի ունենալիք արտակարգ նախագահական ու խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք պիտի վերցուի 2016-ի յեղաշրջման փորձէն ի վեր գործող արտակարգ դրութիւնը:



