ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Պիտի ճոխանայ ձեր ընտանեկան, աշխատանքային եւ զգացական մթնոլորտը: Առօրեայ ռութինէն դուրս պիտի ելլէք: Հանդիպումներու ընթացքին ձեզի առիթ պիտի տրուի ճամբորդութեան կամ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալուն:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Սրբագրեցէք ձեր սխալները: Ժառանգական խնդիրով մը պիտի զբաղիք: Մասնագէտներու կարծիքը հարցուցէք: Ջղայնութիւնը կը վնասէ միայն ձեզի:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Վատ շրջան մըն է, լեցուն` արկածներով եւ հարցերով: Ուշադիր եղէք հակադարձութենէ: Մի՛ զայրանաք, հանդարտ մնացէք: Օրէնքները յարգեցէք: Ամսուան վատ օրերէն մէկն է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Փորձեցէք լուծումներ գտնել: Անակնկալ հարցերը լուծեցէք հասնելու համար համաձայնութեան: Գործակից փնտռեցէք եւ նեղութիւն մի՛ տաք ձեր ընկերներուն ու ծանօթներուն:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Սիրոյ մէջ պիտի իյնաք եւ հաճելի վայրկեաններ պիտի ապրիք: Լաւ ու դրական շրջան մըն է: Ամէն բան բնականոն պիտի ընթանայ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կը նախընտրէք սերտ հանդիպումները, հեռու` ձայներէ ու աղմուկէ: Մի՛ սպասէք ձեր սիրելիներէն, որ ձեզ հասկնան: Մի՛ թերանաք ձեր պարտաւորութիւններուն մէջ` հանդէպ ձեր զաւակներուն:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Զիջումներ կատարեցէք դիւրացնելու համար ձեր գործերը: Ձեր ընկերներուն դիմեցէք օգնութեան համար: Յստակ ներկայացուցէք ձեր միտքերը անհասկացողութենէ զերծ մնալու համար:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մի՛ տկարանաք ճնշումներու դիմաց: Բարի լուրի մը համար պիտի ուրախանաք: Բախտով լեցուն շրջան մըն է: Կը մտածէք ուսման վերադառնալ կամ ճամբորդել:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Պիտի աշխատիք փոփոխութիւն մտցնելու ձեր կեանքին մէջ: Հիմնաքարը պիտի դնէք նոր ծրագիրի մը: Հարցերը ձեր ժամանակէն պիտի առնեն, բայց կարեւոր են, մի՛ թերանաք անոնց մէջ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Յուսախաբութեան պահեր պիտի ապրիք: Նոր գործ մի՛ սկսիք, որպէսզի չյուսահատիք: Ձեր գործերը պիտի ուշանան: Պիտի գանգատիք իրարանցումէն: Ձախողութիւն ու խնդիրներ կան: Ամսուան վատ օրերէն մէկն է:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Աշխուժ գործունէութիւն պիտի ունենաք բոլոր մարզերուն մէջ: Հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք ձեր ընկերներուն հետ: Ձեր տագնապները պիտի վերանան: Օգնութիւն խնդրեցէք ձեր ընկերներէն:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Վարչական ու օրինական խնդիրով մը պիտի զբաղիք: Ընտանիքի անդամներէն մէկուն հարցով պիտի զբաղիք: Ուշադիր եղէք թերացումէ: Հանդարտութեամբ կատարեցէք ձեր բոլոր պարտականութիւնները:
