Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2018-ի Մոնտիալ. Ռուսիա

June 18, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
– Մեքսիքա Ստեղծեց Առաջին Անակնկալը` 1-0 Արդիւնքով Յաղթելով Գործող Ախոյեան Գերմանիոյ
– Իսլանտա Նշանակեց Մոնտիալի Իր Առաջին Կոլը. Մեսսի Ձախողեցաւ Փենալթին Կոլի Վերածել
– Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Հեթրիքի Հեղինակ` Փորթուգալ – Սպանիա Մրցումին 3-3

Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալին ծիրին մէջ, երէկ եւ անցնող երկու օրերուն կատարուեցան տասը մրցումներ` տարբեր խմբակներու մէջ:

Զ. խմբակին մէջ, երէկ յետմիջօրէին Լուզնիքիի դաշտին վրայ 78 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան տեղի ունեցած մրցումին, աշխարհի գործող ախոյեան Գերմանիան 1-0 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Մեքսիքայէն:

Այլ մրցումի մը ընթացքին, Լիոնել Մեսսի ձախողեցաւ ի նպաստ իր կազմին` Արժանթինի տրուած փենալթին կոլի վերածել:

Նոյն այս մրցումին, Արժանթինի մրցակիցը` Իսլանտա, նշանակեց Մոնտիալի պատմութեան իր առաջին կոլը` մրցումը աւարտելով 1-1 արդիւնքով:

Իսկ Փորթուգալ – Սպանիա մրցումին (3-3) փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ իրագործեց այս մոնտիալին առաջին հեթրիքը:

Ստորեւ` մրցումներուն մանրամասնութիւնները.

ԵԳԻՊՏՈՍ – ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅ` 0-1

Ա. խմբակին մէջ տեղի ունեցած Եգիպտոս – Ուրուկուէյ մրցումը, որուն ներկայ եղան 27 հազար հանդիսատեսներ, Ուրուկուէյ արձանագրեց նուազագոյն հաշուով յաղթանակ մը, երբ 89-րդ վայրկեանին (մրցումը աւարտեցաւ 90+7 վայրկեանին) Խոսէ Խիմենես գլուխով նշանակեց իր կազմին եւ մրցումին միակ կոլը:

Եգիպտոս – Ուրուկուէյ մրցումէն

Այս մրցումին Եգիպտոսէն դաշտ չներկայացաւ Մոհամետ Սալահ (Լիվըրփուլ), որ կը շարունակէ ապաքինիլ իր ստացած վնասուածքէն:

Օրուան իրաւարարն էր հոլանտացի Պիոռն Քուիփերս: Մրցումը տեղի ունեցաւ «Էքաթերինպուրկ Արենա» դաշտին մէջ:

ՄԱՐՈՔ – ԻՐԱՆ` 0-1

Բ. խմբակին մէջ, Իրանի եւ Մարոքի միջեւ հիմնականին մէջ քիչ մը կարծր պայքարը աւարտեցաւ Իրանի յաղթանակով: Վերջինս արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, երբ Ազիզ Պուհատուզ սխալմամբ իր բերդին մէջ կոլ մը նշանակեց (90+5):

Մարոք – Իրան մրցումէն

Մրցումը աւարտեցաւ 90+7 վայրկեանին:

Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին ներկայ էին աւելի քան 62 հազար հանդիսատեսներ, իսկ օրուան իրաւարարն էր Ճիւնէյթ Չաքըր (Թուրքիա):

ՍՊԱՆԻԱ – ՓՈՐԹՈՒԳԱԼ` 3-3

Մնալով Բ. խմբակին մէջ, կոլերով հարուստ մրցումը` Փորթուգալի եւ Սպանիոյ միջեւ, աւարտեցաւ 3-3 հաւասարութեամբ:

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ

Փորթուգալի եւ մրցումին աստղը եղաւ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ յաջողեցաւ իրագործել այս մոնտիալին առաջին հեթրիքը (4-րդ` փենալթիով, 44-րդ եւ 88-րդ):

Իսկ Սպանիոյ կոլերը նշանակեցին Տիեկօ Քոսթա (24-րդ եւ 55-րդ) եւ Նաչօ Ֆեռնանտես (58-րդ):

Յայտնենք, որ Մոնտիալին ազդանշանին տրուելէն մէկ օր առաջ, Ֆեռնանտօ Հիերօ ստանձնեց Սպանիոյ խումբի մարզիչի պաշտօնը:

Ֆիշթի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին ներկայ էին շուրջ 44 հազար հանդիսատեսներ, մինչ օրուան իրաւարարն էր Ճիանլուքա Ռոքի (Իտալիա):

ՖՐԱՆՍԱ – ԱՒՍՏՐԱԼԻԱ` 2-1

Գ. խմբակին մէջ, Ֆրանսա, 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Աւստրալիոյ դէմ:

Ֆրանսա – Աւստրալիա մրցումէն

Ակնկալուածին համաձայն, Տիտիէ Տեշանի գլխաւորած խումբը` Ֆրանսա, տպաւորիչ ձեւով սկսաւ մրցումը, բայց չյաջողեցաւ կոլ նշանակել Ա. կիսախաղին:

58-րդ վայրկեանին, Աթլեթիքօ Մատրիտի յառաջապահ Անթուան Կրիզման նշանակեց Ֆրանսայի առաջին կոլը (փենալթիով):

62-րդ վայրկեանին Միլ Ժետինաք հաւասարեցուց արդիւնքը (1-1):

81-րդ վայրկեանին, Փոլ Փոկպայի հարուածը դպնալով Ազիզ Պեհիչի (Աւստրալիա), մուտք գործեց անոր կազմին բերդին մէջ:

Մրցումը տեղի ունեցաւ Քազանի մէջ` ներկայութեամբ 41 հազար հանդիսատեսներու:

Օրուան իրաւարարն էր Անտրես Քունհա (Ուրուկուէյ):

ՓԵՐՈՒ – ԴԱՆԻԱ` 0-1

Մնալով նոյն` Գ. խմբակին մէջ, Փերու 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Դանիայէն: 45-րդ վայրկեանին Քրիսթիան Քուեվա չկրցաւ իր կազմին` Փերուի շնորհուած փենալթին կոլի վերածել:

Վճռելու համար այս փենալթին, օրուան իրաւարարը` Պաքարի Փափա Կասսամա (Կամպիա) դիմեց ռիփլէի դրութեան:

59-րդ վայրկեանին Եուսուֆ Փուլսեն նշանակեց Դանիոյ կոլը:

Մրցումին ներկայ էր աւելի քան 40 հազար հանդիսատես: Անիկա տեղի ունեցաւ «Մորտովիա Արենա»-ի մէջ:

ԱՐԺԱՆԹԻՆ – ԻՍԼԱՆՏԱ` 1-1

Դ. խմբակին մէջ, Արժանթին 1-1 արդիւնքով ոչ համոզիչ հաւասարութիւն մը արձանագրեց Իսլանտայի հետ:

Սպարտակի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին, որուն ներկայ էր 44 հազար հանդիսատես, Սերճիօ Ակուերօ նշանակեց Արժանթինի կոլը (19-րդ):

Սակայն 23-րդ վայրկեանին, Ալֆրետ Ֆինպոկասըն հաւասարեցուց արդիւնքը: Նշենք, որ այս կոլը առաջին կոլն էր Իսլանտայի համար` մոնտիալի պատմութեան մէջ:

Մեսսի չի կրնար նշանակել փենալթին

Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի չկրցաւ կերտել իր կազմին յաղթանակը, երբ անոր հարուածած փենալթին (64-րդ) զսպուեցաւ իսլանտացի բերդապահ Հանես Թհոր Հալտորսընի կողմէ:

Օրուան իրաւարարն էր Սզիմոն Մարսինիաք (Լեհաստան):

ԽՐՈՒԱԹԻԱ – ՆԻԿԵՐԻԱ` 2-0

Խրուաթիոյ յաղթական կազմը

Արժանթինի խմբակին մաս կազմող Խրուաթիա 2-0 արդիւնքով յաղթեց Նիկերիոյ:

Օկենեքարօ Էթեպօ (32-րդ` սխալմամբ իր բերդին մէջ) եւ Լուքա Մոտրիչ (71-րդ` փենալթիով) նշանակեցին Խրուաթիոյ կոլերը:

Մրցումին իրաւարարն էր Սանտրօ Ռիքի (Պրազիլ): Քալինինկրատի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին ներկայ էր 31 հազար հանդիսատես:

ՔՈՍԹԱ ՌԻՔԱ – ՍԵՐՊԻԱ` 0-1

Ե. խմբակին մէջ, Սերպիա նուազագոյն հաշուով յաղթեց Քոսթա Ռիքային` շնորհիւ Ալեքսանտար Քոլարովի նշանակած կոլին (56-րդ):

Օրուան իրաւարարն էր Մալանկ Տիետհիու (Սենեկալ):

«Սամարա Արենա»-ի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին ներկայ էր 41 հազար հանդիսատես:

ԳԵՐՄԱՆԻԱ – ՄԵՔՍԻՔԱ 0-1

Զ. խմբակին մէջ, 78 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Մեքսիքա 1-0 արդիւնքով յաղթեց Գերմանիոյ` շնորհիւ Հիրվինկ Լոզանոյի նշանակած կոլին (35-րդ):

Թէեւ մրցումին տիրապետեց Գերմանիա (մանաւանդ` Բ. կիսախաղին), սակայն արդիւնքը չկրցաւ հաւասարեցնել:

Մեքսիքայի կոլը նշանակած Հիրվինկ Լոզանօ

Այսպիսով, Մեքսիքա յաջողեցաւ ստեղծել այս մոնտիալին առաջին անակնկալը, երբ կրցաւ պարտութեան մատնել աշխարհի գործող ախոյեան Գերմանիոյ տինամիք կազմը, որ ֆութպոլի աստղերով հարուստ է:

Մոնտիալի բացման հանդիսութեան դաշտին վրայ (Լուժնիքի) տեղի ունեցած այս մրցումին ներկայ էր 78 հազար հանդիսատես, իսկ օրուան իրաւարարն էր իրանցի Ալիրեզա Ֆաղանի:

ՊՐԱԶԻԼ – ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ` 1-1

Ե. խմբակին մէջ, Պրազիլ, որ ճակատեցաւ Զուիցերիոյ դէմ, չկրցաւ արձանագրել մրցաշարքի իր առաջին յաղթանակը, երբ անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:

Ֆիլիփ Քութինիօ

«Ռոսթով Արենա»-ի դաշտին վրայ, ուր ներկայ էին 43 հազար հանդիսատեսներ, թէեւ Ֆիլիփ Քութինիօ նշանակեց Պրազիլի եւ մրցումին առաջին կոլը (20-րդ), սակայն Բ. կիսախաղին սկիզբը (50-րդ) Սթիւըն Զիւպեր նշանակեց Զուիցերիոյ հաւասարութեան կոլը:

Այս մրցումը եղաւ քիչ մը ֆաուլերով հարուստ (19 Զուիցերիա, 11 Պրազիլ), բայց առանց այդքան զօրաւոր հարուածներու:

Օրուան իրաւարարն էր մեքսիքացի Սեզար Ռամոս:

Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).

Զ. ԽՄԲԱԿ ԺԱՄ
Շուէտ – Հարաւային Քորէա 15:00
Է. ԽՄԲԱԿ  
Պելճիքա – Փանամա 18:00
Թունուզ – Անգլիա 21:00
Նախորդը

Հայաստաի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Շիրակի Անդամակցութիւնը Կասեցուեցաւ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (18 Յունիս 2018)

RelatedPosts

«Չեմփիընզ Լիկ». Փարիզ Սեն Ժերմենի Մրցանիշը. Քարլ Կը Փայլի Պայերնի Հետ
Մարզական

«Չեմփիընզ Լիկ». Փարիզ Սեն Ժերմենի Մրցանիշը. Քարլ Կը Փայլի Պայերնի Հետ

November 5, 2026
Նշանառութիւն.  Էլմիրա Կարապետեան Արծաթէ Մետալակիր
Մարզական

Նշանառութիւն. Էլմիրա Կարապետեան Արծաթէ Մետալակիր

November 5, 2026
Քէյն. «Միշտ Երազած Եմ Հոն Խաղալ…»
Մարզական

Քէյն. «Միշտ Երազած Եմ Հոն Խաղալ…»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.