Մոսկուայի մէջ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իրարու ծանօթացան: Այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջի ուղիղ եթերէն մոսկովեան երկօրեայ աշխատանքային այցելութենէն ետք յայտարարեց Հայաստանի վարչապետը` աւելցնելով, որ ծանօթացումը կատարեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
«Ֆութպոլային խաղէն ետք Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահը փոքր ընդունելութիւն կազմակերպած էր ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու ձեւաչափով, այնտեղ ներկայ էր նաեւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, եւ Ռուսիոյ նախագահը մեզ ծանօթացուց: Մենք պարզապէս ծանօթացանք, որեւէ բովանդակային շփում ու խօսակցութիւն տեղի չունեցաւ», ըսաւ Փաշինեան:



