Ազրպէյճանի փոխվարչապետ եւ իշխող «Ենի Ազերպէյճան» կուսակցութեան փոխնախագահ Ալի Ահմետով 14 յունիսին յայտարարեց, թէ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի Արցախի Հանրապետութիւն կատարած այցելութիւնը «անօրինակա՛ն է»` աւելցնելով, որ ան «պատասխանատուութիւն պիտի կրէ» այդ արարքին համար: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը:
Ահմետով կրկնեց, թէ Արցախ «ժամանակաւորապէս գրաւուած ազրպէյճանական տարածք մըն է», եւ այդ պատճառով, Հայաստանի նախագահին` առանց Պաքուի արտօնութեան Արցախ կատարած այցելութիւնը ապօրինի՛ է: «Այդ այցելութիւնը պէտք է դժգոհութիւն յառաջացնէ (ԵԱՀԿ-ի) Մինսքի խմբակին մօտ», աւելցուց Ահմետով:
«Այցելութիւնը պէտք է անհանգստացնէ նաեւ բոլոր այն պետութիւնները, որոնք ջանք կը թափեն ազրպէյճանական հողերուն վերադարձը ապահովելու: Հակառակ պարագային, շատ ծանր պիտի ըլլայ տագնապին լուծման համար ուղիներ որոնելը: Լեռնային Ղարաբաղը միջազգային իրաւունքով կը ճանչցուի իբրեւ Ազրպէյճանի տարածք: Յոյս ունիմ, որ պիտի գայ ժամանակը, երբ օրինախախտները պատասխան պիտի տան իրենց արարքներուն համար», եզրակացուց զայրացած փոխվարչապետը:



