Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աթէնքի Մէջ Բողոքի Ցոյցեր Եւ Բախումներ. Աթէնք Եւ Սքոփիէ Ստորագրեցին Մակեդոնիոյ Նոր Անուան Մասին Համաձայնագիրը

June 18, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յունաստանի եւ Մակեդոնիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Նիքոս Քոցիաս եւ Նիքոլա Տիմիթրով երէկ ստորագրեցին Մակեդոնիոյ նոր պաշտօնական անունին շուրջ երկու երկիրներուն միջեւ գոյացած համաձայնագիրը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

Համաձայնագիրի ստորագրութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ երկու երկիրներու սահմանին վրայ գտնուող Փրեսփա լիճին մօտ, երկու պետութիւններու վարչապետներուն, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի, ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Մեթիու Նիմցայի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու ներկայութեան:

Համաձայնագիրը վերջ կու տայ Աթէնքի եւ Սքոփիէի միջեւ բազմամեայ վէճին:

Համաձայնութեան լոյսին տակ` Մակեդոնիոյ ներկայ «Մակեդոնիոյ Հանրապետութիւն» անուան փոխարէն նոր պաշտօնական անունը պիտի ըլլայ «Հիւսիսային Մակեդոնիոյ հանրապետութիւն»: Այսպիսով կարելի պիտի ըլլալ խուսափիլ Յունաստանի Մակեդոնիա շրջանին հետ շփոթէն:

Համաձայնագիրը պէտք է հաստատուի Մակեդոնիոյ եւ Յունաստանի խորհրդարաններուն կողմէ, ինչպէս նաեւ Մակեդոնիոյ մէջ պէտք է դրուի հանրաքուէի:

Համաձայնագիրին ստորագրութենէն ետք, Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ ընթացք առին բողոքի բուռն ցոյցեր, որոնց ընթացքին տեղի ունեցան բախումներ` ցուցարարներուն եւ յունական ոստիկանութեան միջեւ:

 

 

Նախորդը

«Թուրքիոյ Նախագահը Ստիպուած Է Յարգել Մեր Օրէնքները» Կ՛ըսէ Քուրց

Յաջորդը

«Ամերիկային Պիտի Չարտօնենք Իրանը Հարուածելու Համար Օգտագործել «Ինճիրլիք»-ը» Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.