Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան գործընկերութեան խորհուրդի նիստը տեղի պիտի ունենայ 21 յունիս 2018-ին: Նիստին պիտի նախագահէ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի` մասնակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի գլխաւորած պատուիրակութեան:
Խորհուրդի նիստին պիտի քննարկուին Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան յարաբերութիւնները, Համապարփակ եւ ընդլայնուած համագործակցութեան համաձայնագիրի (որ ստորագրուած է 24 նոյեմբեր 2017-ին) կէտերը: Նիստի օրակարգին վրայ է նաեւ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքը, ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու, օրէնքի գերիշխանութեան հաստատումը Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան երկիրներ մտնելու համար մուտքի արտօնագիրի ազատականացման երկխօսութեան սկիզբ տալը: Կը նախատեսուին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման առնչութեամբ քննարկումներ:



