Երէկ` հինգշաբթի, 14 յունիսին, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը:
Ան Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երեքշաբթի, 19 յունիսին կանչեց իր մօտ` քննելու համար այն հարցը, թէ ինչո՞ւ լիբանանեան պատուիրակութիւնը ՖԻՖԱ-ի համագումարին ընթացքին քուէարկեց ի նպաստ Միացեալ Նահանգներու եւ ոչ թէ Մարոքի` 2026-ի մոնտիալը հիւրընկալելու գծով:
Նախարարութիւնը իր զարմանքը յայտնեց, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը քուէարկեց ի նպաստ Միացեալ Նահանգներ – Քանատա – Մեքսիքա միացեալ թեկնածութեան, որ աշխարհի ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու իրաւունքը ստացաւ:
Կ՛ակնկալուէր, որ Լիբանան քուէարկէ ի նպաստ արաբական երկրի մը, որպէսզի անոր թեկնածութիւնը յաջողցնէ:



