Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

100 Կիներ. Կին Ղեկավարները Կրնա՞ն Բարելաւել Կիներու Կեանքը

June 15, 2018
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Ճաւից կեդրոնի ապակեայ առաստաղը սոսկալի կերպով խորհրդանշական եղաւ Հիլըրի Քլինթընին համար:

«Ես չեմ կրնար  հաւատալ, որ մենք տակաւին  ամէնէն խոր ճեղքը յառաջացուցած ենք  ապակեայ առաստաղին վրայ… եթէ հոն կան աղջիկներ, որոնք ամբողջ գիշերը արթուն մնացած են դիտելու, ես կրնամ չդառնալ կին յաջորդ նախագահը, բայց ձեզմէ մէկը յաջորդը պիտի ըլլայ»: Ասոնք Հիլըրի Քլինթընի խօսքերն են, 2016 թուականի  յուլիսին, դեմոկրատականներու  թեկնածուն դառնալու մասին:

Ի վերջոյ, ան չկրցաւ ճեղքել առաստաղը, սակայն Հիլըրի Քլինթընի կողմէ գիշերային այս վայրի ընտրութիւնը պատահական չէր:

Ճաւից կեդրոնը Նիւ Եորքի մէջ ամէնէն մեծ ապակեայ առաստաղը ունէր, եւ կը կարծուէր, որ ատիկա յարմարագոյն վայրը կ՛ըլլայ Հիլըրիի համար` դառնալու Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ առաջին կին  նախագահը:  Սակայն տիկին Քլինթընի պարտութիւնը զսպեց այդ միտումը:

Վերջին տասնամեակին ընտրութիւններով իշխանութեան հասած կիներու թիւը կրկնապատկուած է:

Այժմ զանազան երկիրներու իշխանութեան ղեկերուն վրայ կան աւելի քան 15 կիներ, որոնցմէ 8-ն իրենց երկիրներու առաջին կին ղեկավարներն են: Բայց ասիկա տակաւին կը նշանակէ, որ կին առաջնորդները ՄԱԿ-ի անդամ 193 պետութիւններէն նուազ քան 10 առ հարիւրը կը ներկայացնեն:

Այս ղեկավարները յստակօրէն կը քանդեն խոչընդոտները, բայց արդեօ՞ք իրենց երկիրներու կիները իրենց հետ կը տանին: Հնդկական տեղական ինքնակառավարման համակարգի թիւի սահմանափակումի քաղաքականութիւնը կրնայ կարծիք մը տալ: 1993 թուականէն ի վեր պատահականօրէն ընտրուած հնդկական երեք գիւղերէն մէկէն պահանջուեցաւ գիւղապետի  պաշտօնը վերապահել կնոջ մը` ստեղծելով բնականոնացած ընկերային փորձ մը: 2012  թուականին պատրաստուած Հնդկաստանի հազարաւոր երեխաներու եւ անոնց ծնողներու մասին  ուսումնասիրութիւն մը բացայայտեց, որ կին ղեկավար մը ունենալը գիւղին մէջ աղջիկները խրախուսած է աւելի մեծ ձգտումներ ունենալու:

Ուսումնասիրութիւն մը բացայայտած է, որ աղջիկներ կին ղեկավարներու հետ աւելի մեծ ձգտումներ կ՛ունենան:

Երբ անոնց հարցուցած են, թէ ի՞նչ կ՛ուզեն երեխաներուն կրթութեան առումով, երբ անոնք ունենան առաջին երեխան եւ` աշխատանքի հեռանկարներ, ծնողները սովորաբար բարձր ձգտում ունեցած են երեխաներուն համար: Բայց երբ գիւղը կին առաջնորդ ունեցած էր  երկու ընտրական փուլերու համար, ծնողներու «ձգտման բացը» տղաներու եւ աղջիկներու համար փակուած էր 25 առ հարիւրով, համեմատած` այն մարդոց հետ, որոնք երբեք կին ղեկավար չունէին:

Երիտասարդներու համար այդ բացը նեղցած է 32 առ հարիւրով: Տղոց համար ակնկալութիւնները չեն նուազած, երբ պատասխանատու էր կին մը, ուրեմն փոքր բացը ամբողջութեամբ նուազած է աղջիկներու համար աւելի բարձր ձգտումներու:

Հեղինակները նշած են, որ կին առաջնորդները սահմանափակ կարելիութիւններ ունին քաղաքականութեան միջոցով փոխելու կիներու եւ աղջիկներու իրավիճակը: Սակայն անոնց ներկայութիւնը` որպէս դրական դերակատարման բնորդի, բաւարար էր բարելաւելու անոնց շուրջը գտնուող երիտասարդ կիներու ձգտումները եւ կրթութիւնը:

2012 թուականի զուիցերիական ուսումնասիրութիւնը նոյնպէս կը նշէ, որ կին առաջնորդներու ներկայութիւնը նոյնիսկ որոշ հեռաւորութենէ կ՛ոգեշնչէ կիներու վարքը`  ղեկավարութեան իրավիճակներու մէջ:

Ուսումնասիրութեան հեղինակները հրաւիրեցին ուսանողներ եւ ուսանողուհիներ` խօսք մը ուղղելու  վիրչուըլ իրականութեան միջավայրին մէջ, չորս խումբերու մէջ. մէկը Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի նկարը տեսաւ պատին վրայ, մէկը Հիլըրի Քլինթընին (այդ օրերուն` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար) նկարը տեսաւ, մէկը տեսաւ Պիլ Քլինթընը, իսկ կառավարող խումբը ոչ մէկ նկար տեսաւ:

Կիներ զգալիօրէն երկար կը խօսէին, երբ յաջող կին քաղաքական գործիչի մը նկարը ունէին: Իսկ որքան աւելի երկար կը խօսէին, այնքան աւելի դրական կը գնահատէին իրենց կատարումը:

Հ. Քլինթընի եւ Ա. Մերքելի կերպարները կիները ոգեշնչեցին աւելի երկար ճառեր խօսելու:

«Ոչ միայն կին քաղաքական գործիչներու թիւին յաւելումը  հաւասարութեան նպատակ է, այլ նոյնպէս ատիկա կրնայ ըլլալ մղիչ շարժիչը, ինչպէս մեր արդիւնքները ատիկա ցոյց կու տան»,  կ՛ըսեն հեղինակները:

Կան տուեալներ, որոնք կը հաստատեն այն գաղափարը, որ կիներուն միայն գոյութիւնը քաղաքական դերերու մէջ կրնայ կապուած ըլլալ առօրեայ կեանքին մէջ աւելի մեծ հաւասարութեան:

Համաշխարհային տնտեսական համաժողովը  իր զեկոյցին մէջ աշխարհի երկիրները կը դասակարգէ` հիմնուած չորս հիմնական գործօններու վրայ. առողջութեան եւ գոյատեւման, կրթական մակարդակի, տնտեսութեան մէջ ներգրաւուածութեան եւ քաղաքական մասնակցութեամբ:

2016 թուականին, այն երկիրները, որոնք երկու սեռերու միջեւ ամէնէն փոքր բացը ունեցած էին (Իսլանտա, Ֆինլանտա եւ Նորվեկիա), նոյնպէս կիներ ունեցած են քաղաքականութեան մէջ: Ատիկա կը հաստատէ, որ կիներ աւելի լաւ արդիւնքներու կը հասնին, աւելի լաւ կը դրսեւորուին այն երկիրներուն մէջ, ուր անոնք քաղաքականապէս ներկայացուած են:

Կին առաջնորդներու եւ կիներու կեանքի որակի բարելաւման միջեւ շօշափելի կապ հաստատելու դժուարութիւններ կան: Ասիկա մասամբ այն պատճառով է, որ հաւասարութիւնը վերջին հարիւրամեակին գրեթէ իւրաքանչիւր երկրի մէջ բարելաւուած է, անկախ անկէ, թէ տուեալ երկրին մէջ կին առաջնորդներ կան կամ ոչ: Բացի ատկէ, բազմաթիւ կիներ կա՛մ վերջերս ընտրուած են, կա՛մ ալ կարճ ժամանակամիջոցի համար  ղեկավար դիրքի վրայ են: Դժուար է չափել իրենց քաղաքականութեան ուղղակի ազդեցութիւնը:

Այդուհանդերձ, գոյութիւն ունեցող ապացոյցները կրնան հաստատել, որ կիներ, որոնք կրնան ճեղքել ապակեայ առաստաղը, կը բարձրացնեն իրենց կին քաղաքացիներու ձգտումները, եւ աւելի հաւանական է, որ  իրենց երկիրները կիներու համար աւելի որակաւոր կեանք ունենան:

 Կրնա՞ն Կիները Շաբթուան Մը Մէջ
Փոխել Աշխարհը

Բրիտանական «Պի.Պի.Սի.»-ն ամէն տարի կը հաղորդէ «100 կիներ» յայտագիրը, որ լուսարձակի տակ կ՛առնէ  ամբողջ աշխարհի մէջ կիներու վրայ ազդող հարցերը:

Անվերջանալի պատմութիւնները` բռնաբարումներու, անհաւասարութեան, հանրութեան նուազ տեսանելի այլ խնդիրներ, որոնք տառապեցնող են եւ անոնց անհրաժեշտ է վերջ դնել:

«Պի.Պի.Սի.» այս հաղորդաշարով ամէն տարի կը հրապարակէ ազդեցիկ եւ ներշնչող 100 կիներու անուններ, որոնցմէ կը խնդրէ ստեղծել նորարարութիւն մը` յաղթահարելու համար վերոնշեալ խնդիրները:

Կարելի է մասնակցիլ Ֆէյսպուքի, Ինսթակրամի եւ #100Women-ի միջոցով, եւ արտայայտել կարծիքներ, առաջարկել միջոցներ:

100 կիներու ցուցակին մէջ գտնուող կիներէն ոմանք տարբեր քաղաքներու մէջ որոշ ժամանակ մը միասնաբար կ՛աշխատին պատրաստելու համար նորարարութիւն մը, որուն նպատակը կ՛ըլլայ օգնել այս խնդիրներէն տուժած անձերու: Ուրիշներ աշխարհի վրայ գտնուած իրենց վայրերէն կը զօրակցին եւ կը քաջալերեն:

Եթէ «100 կիներ» հաղորդաշարը յաջողի յաղթահարել կարգ մը խնդիրներ, ատիկա պիտի ըլլայ շնորհիւ այն  կիներուն, որոնք ամբողջ աշխարհի մէջ յաջողած են ձեւաւորել հասկացողութիւն մը, թէ այս խնդիրները ինչպէ՛ս պէտք է լուծել, եւ թէ ինչո՛ւ ատոնք հրատապ են:

Այդ կիները իրենց տեսածին մասին գաղափար մը կը բաժնեն: Անոնք կրնան միասնաբար լուծումներ  գտնել: Ատիկա միայն գաղափարներու մասին չէ: «100 կիներ» հաղորդաշարով աշխարհի զանազան երկիրներէ կիներ զրոյցներ կ՛ունենան ձայնասփիւռով, պատկերասփիւռով, առցանց եւ ընկերային կայքերու վրայ:

Արծարծուած վերջին հարցերն էին. այսպէս կոչուած` ապակեայ առաստաղը, կիներու անգրագիտութիւնը, փողոցային սեռային ոտնձգութիւնը եւ մարմնամարզի սեռային խտրականութիւնը:

Ապակեայ առաստաղի մարտահրաւէրը կը գտնուի Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, կիներու անգրագիտութեան մարտահրաւէրը` Տելհիի, փողոցային սեռային ոտնձգութեան մարտահրաւէրը` Լոնտոնի, Նայրոպիէն խումբի մը օգնութեամբ, իսկ մարմնամարզի սեռային խտրականութիւնը` Ռիոյի մէջ: Բայց  անոնց շուրջը զրոյցը տեղի կ՛ունենայ ամբողջ աշխարհի մէջ:

«2015 թուականին կիները ունեցան 150 բանավէճեր` 10 լեզուներով եւ 30 երկիրներէ: 2016-ին մարդիկ Ուքիփետիայի մէջ աւելցուցին 450 արժանի, բայց անտեսուած կիներ: 2017-ին մասնակցութիւնը անհամեմատ աւելի բարձր մակարդակի հասաւ», կ՛ըսէ «100 կիներ» հաղորդաշարի խմբագիր Ֆիոնա Քրաքը:

«Հետաքրքրական պիտի ըլլայ տեսնել, թէ տաղանդաւոր նոր 100 կիները ի՛նչ նորարարութիւններ պիտի ստեղծեն, եւ մարդիկ որքան դրական պիտի արձագանգեն», աւելցուց Քրաք:

Ուրախալի եւ խանդավառ երեւոյթ է  տեսնելը, որ բազմաթիւ բաներ հնարուած են կիներու կողմէ, մինչ շատեր ատոր անտեղեակ են:

Պարզապէս նայեցէ՛ք կիներու շնորհիւ յաղթահարուած համաշխարհային շարք մը խնդիրներու, կիներու առողջապահութեան եւ ապահովութեան վերաբերող հարցերու մէջ:

Ուրեմն կապի մէջ եղէք. Ֆէյսպուքի, Ինսթակրամի եւ #100Women-ի միջոցով:

———————————-

«ՖՈՐՊԶ» Հրապարակած Է Աշխարհի 100 Ամէնէն Հզօր Կիներուն Ցանկը
(Կը Ներկայացնենք Կարգ Մը Անուններ)

1) Անկելա Մերքել (քաղաքականութիւն)
2) Թերեզա Մէյ (քաղաքականութիւն)
3) Մելինտա Կէյց (մարդասիրութիւն)
19) Իվանքա Թրամփ (քաղաքականութիւն)
21) Օփրա Ուինֆրի (Media and entertainment)
26) Էլիզապեթ թագուհի (քաղաքականութիւն)
27) Աննա Ուինթուր (Media and entertainment)
36) Շէյխա Լուպնա ալ-Քասիմի (քաղաքականութիւն)
50) Պիոնսէ (երգչուհի)
52) Մարկարիթա Սիմոնեան (Media and entertainment)
65) Հիլըրի Քլինթըն (քաղաքականութիւն)
77) Քեթլին Քենետի (Media and entertainment)
85) Թէյլըր Սուիֆթ (երգչուհի)
97) Փրիանքա Չոփրա (դերասանուհի)

———————————-

 

Նախորդը

Ժամանակը Եկած Է Ընկերային Շուկայական Տնտեսութեան Կիրարկման

Յաջորդը

Մի Թիւրիմացութեան Առիթով

RelatedPosts

Հերակլէսի Սրբավայրը  Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները
Մշակութային եւ Այլազան

Հերակլէսի Սրբավայրը Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները

January 30, 2026
Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական  Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի
Մշակութային եւ Այլազան

Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի

January 23, 2026
ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը  Լոնտոնի Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը Լոնտոնի Մէջ

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.