Մոսկուայի մէջ կայացած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը նշած են Մոսկուայի եւ Պաքուի միջեւ առկայութիւնը տնտեսական, քաղաքական եւ մարդասիրական փոխգործակցութեան «լաւ կշռոյթներու»:
Փութին ըսած է, որ անցեալ տարուան ընթացքին ապրանքաշրջանառութեան աճը կազմած է 34,4 առ հարիւր, այս տարուան առաջին եռամսեակին եւս շուրջ 19 առ հարիւր:
«Ինչ կը վերաբերի քաղաքական բաղադրիչին, ապա այստեղ ամէն ինչ շատ կայուն է, խորհրդարանականներու գծով կան մնայուն հաղորդակցութիւններ, հասարակական կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ կը զարգանան մարդասիրական կապերը: Շատ ուրախ եմ ձեզ տեսնելով», ըսած է Փութին:
Ալիեւ իր կարգին շնորհաւորած է Ռուսիոյ նախագահը` 12 յունիսին, Ռուսիոյ օրուան եւ Ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան պատրաստութիւնները բարեյաջող կերպով աւարտելուն առիթով եւ յոյս յայտնած է, որ բոլորը կը մնան գոհ:
«Ինչ կը վերաբերի մեր յարաբերութիւններուն, ես նոյնպէս պիտի ուզէի գոհունակութիւն յայտնել անոնց զարգացման առնչութեամբ… Այսօր լաւ կարելիութիւն կայ նաեւ կարծիքներ փոխանակելու ընթացիկ օրակարգին վերաբերեալ, որ նոյնպէս ընդարձակ է», աւելցուցած է Ալիեւ:
Ռուսիոյ նախագահը յայտնած է, որ Ազրպէյճանի նախագահին կը սպասէ Ռուսիոյ մէջ, 30 օգոստոսին:
«Ինչ կը վերաբերի մեր երկկողմանի յարաբերութիւններուն, ապա մենք հիմնարար կերպով պիտի քննարկենք եւ զբաղինք ատով 30 օգոստոսին` Ռուսիա ձեր այցելութեան ընթացքին: Բայց մինչ այդ մեր գործընկերները պիտի նախապատրաստեն ձեր` Ռուսիա այցելութիւնը», ըսած է Փութին:
Ալիեւ այսօր ներկայ պիտի գտնուի Մոնտիալ 2018-ի բացման հանդիսութեան:



