Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի Քրեմլինի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ քննարկուած են երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիացի գաղթականներուն տունդարձը եւ Ռուսիոյ օժանդակութիւնը այս հարցով, յատկապէս` օրէնք թիւ 10-ը, որ երկարաձգուեցաւ մէկ տարիով:
Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ պէտք է պարզաբանում եւ յորդորում ըլլայ բացատրելու այս օրէնքը:
Հարիրի շեշտեց, որ Լիբանան գտնուող սուրիացիներուն իրաւունքները պէտք է կիրարկուին նաեւ Սուրիոյ մէջ:
Հարիրի նշեց, որ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ շրջանի կացութեան:
Հանդիպումին ընթացքին անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան` Հարիրի նշեց, որ պէտք չէ ուշացնել կառավարութեան կազմութիւնը, եւ ինք կ՛ուզէր ատիկա իրականացել տօնէն առաջ, սակայն իւրաքանչիւր խումբ ունի ձգտումներ, եւ բոլորին հետ կապ կը հաստատէ հասնելու համար արդիւնքի: Ան աւելցուց, որ ինք չի վախնար ուշացումէն կամ կազմութեան յետաձգումէն: Վարչապետը յայտնեց, որ պէտք չէ մտածել մասնաբաժիններուն մասին, այլ արտադրողականութեան:



