Երէկ Ռաս Պաալպեքի մէջ արձանագրուեցան ուժգին ողողումներ, որոնք ո՛չ միայն նիւթական մեծ վնասներ պատճառեցին, այլ նաեւ անոնց իբրեւ հետեւանք կին մը խեղդամահ եղաւ իր բնակարանին մէջ:
Ջուրի ահաւոր հեղեղները մուտք գործեցին քաղաքացիներու բնակարաններ, իրենց հետ տարին անոնց ինքնաշարժները, փակեցին ճամբաները, վաճառատուներուն մեծ վնասներ պատճառեցին, տապալեցին ելեկտրականութեան եւ լուսաւորումի սիւները:
Այս ողողումներուն պատճառը երկարատեւ եւ տեղատարափ անձրեւներն էին:



