«Երբ այսօր Արսալ մտայ, յիշեցի օգոստոս 2014-ը, երբ զինեալները մտան այս քաղաքը, եւ ես այն ատեն ըսի, որ կայ լիբանանեան հող մը, որ բռնագրաւուած է եւ լիբանանեան բանակը պէտք է ազատագրէ զայն», ըսաւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Արսալի մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին: Ան շեշտեց, որ ինք երբեք չէր կասկածէր, թէ Արսալի տառապող ժողովուրդը կրկին շրջանին մէջ ապահով պիտի ապրի:
Պասիլ յստակացուց, որ Արսալ կ՛այցելէ, որովհետեւ կայ վէճ Լիբանանի եւ միջազգային ընտանիքին միջեւ, եւ այս վէճին ամփոփումը կը գտնուի Գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարին կայքէջին վրայ:
Պասիլ աւելցուց, որ Լիբանան կը խօսի գաղթականներու ապահով վերադարձին մասին եւ կան ոմանք, որոնք կ՛ուզեն երկարել այս տագնապը: Ան շեշտեց, որ խօսքը չի վերաբերիր անմիջական եւ բռնի վերադարձին, այլ հանգրուանային եւ ապահով տունդարձին, բայց, ըստ անոր, հարցը այն է, որ թոյլ չի տրուիր կատարելու առաջին հանգրուանն իսկ: Նախարարը նշեց, որ Լիբանան կ՛ուզէ ՄԱԿ-ի օգնութիւնը, բայց վերադարձի եւ Սուրիոյ մէջ օժանդակութիւններ բաժնելու վերաբերեալ:
Ժ. Պասիլ նկատել տուաւ, որ Լիբանանի ժողովուրդին մեծութիւնը կը կայանայ անոր մէջ, որ հարաւի ժողովուրդը վրաններ լարեց պատերազմէն քանդուած իրենց տուներուն կողքին` սպասելով վերակառուցման աշխատանքներուն աւարտը` դիտել տալով, որ Սուրիոյ ժողովուրդն ալ կրնայ նոյնը ընել: Ան շեշտեց, որ Լիբանան չ՛ընդունիր գաղթականներուն վերադարձը, բացի եթէ ապահով է վիճակը` նշելով, թէ Լիբանան պիտի շարունակէ աշխատիլ այս ուղղութեամբ:
Նախարար Պասիլ ըսաւ, որ ինք կապ հաստատած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ` անշարժ գոյքի իրաւունքներուն եւ պարտադիր զինուորութեան վերաբերեալ, եւ ան պատասխանած է, որ իրենք համաձայն են ապահով եւ բարեկիրթ վերադարձին:
Ապա Ժըպրան Պասիլ եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը շրջագայեցան Արսալի Ուատի Համիտի սուրիացի գաղթականներու վրանաքաղաքներուն մէջ, հանդիպելէ ետք Ֆըլիյթա վրանաքաղաքը:



