Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չաւուշօղլու. «Քանտիլը Գետնին Պիտի Հաւասարեցնենք»

June 13, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ թրքական զինեալ ուժերը «գետնին պիտի հաւասարեցնեն» Կորդուաց լեռները: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը:

Թրքական դիւանագիտութեան պետը յայտնած է, որ իրենք Կորդուաց լեռներուն մէջ պիտի ընեն այն, ինչ որ ըրած են Աֆրինի, Ժարապլուսի եւ Պապի մէջ:

«Հիմա կարգը հասած է Քանտիլին: Քանտիլը գետնին պիտի հաւասարեցնենք: Զանոնք ամէնէն խորերը պիտի թաղենք: Պիտի ոչնչացնենք այն վայրը, ուր մեզի դէմ սպառնալիք կայ», ըսած է Չաւուշօղլու:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է Իրաքի Կորդուաց լեռներու եւ Սինճարի մէջ քիւրտ զինեալներուն դէմ ռազմական գործողութիւն սկսելու մասին:

Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտարարած է. «Մենք ուրիշներու հողերուն աչք չունինք: Մեր նպատակը ոչնչացնել է մեր սահմաններէն դուրս գտնուող, մեր երկրի վրայ յարձակող ահաբեկչական կառոյցը: Կրնանք ըսել, որ Թուրքիոյ մէջ այդ առումով յաջողած ենք: Եթէ մեր սահմաններուն դէմ վտանգ սպառնայ հարաւի կամ ինքնին Իրաքի կողմէ` մեր ներկայութիւնը այնտեղ պիտի զգացուի: Երբ այնտեղ ոչ մէկ ահաբեկիչ մնայ, հոն մնալու կարիք չ՛ըլլար այլեւս»:

Թրքական «Ժումհուրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական բանակի սպայակոյտի պետ Հուլուսի Աքար հաստատած է Հաքուրքի եւ Կորդուաց լեռներու ուղղութեամբ երէկ ձեռնարկուած գործողութիւններու մասին լուրերը` նշելով, որ թրքական օդուժը հարուածներ հասցուցած է Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) 12 դիրքերու:

«Այլեւս ետդարձի ճամբայ չկայ: Այս անգամ շատ վճռական ենք բոլոր ահաբեկիչներուն վերջ տալու առնչութեամբ», ըսած է Աքար:

 

 

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Հպարտ Ենք Լիբանանի Ժողովուրդին Ունեցած Չափաւորութեան»

Յաջորդը

«Եթէ Ժամանակին Թուրքիան Ունենար Իր Այսօրուան Ուժը, Երբեք Չէր Արտօներ Ազրպէյճանի Տարածքներու Բռնագրաւումը» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.