Հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, բացումը կատարուեցաւ Համմանայի կեռասի օրուան փառատօնին, որ կազմակերպուած էր Համմանայի քաղաքապետութեան կողմէ: Նախարար Կիտանեան բացումին ընթացքին դրուատեց այդ գեղեցիկ եւ մեծ գիւղը իր բնակչութեամբ եւ այս բացառիկ գործը, որ կատարած է քաղաքապետ Պեշիր Ֆարհաթ` կազմակերպութեամբ եւ այլազանութեամբ գրաւիչ այս փառատօնին ընդմէջէն:
Կիտանեան յայտնեց, որ գաղափարի մը մշակումը մեծ գործի վերածելը գնահատանքի եւ աջակցութեան արժանի է: «Ականատես կ՛ըլլանք այս մեծ եւ իւրայատուկ փառատօնին իր մասնակիցներով եւ ներկայ քաղաքացիներով, եւ այսպիսի գործունէութեան, որ յոյս կու տայ եւ կը գնահատէ հողագործը իր աշխատանքին եւ ջանքին համար: Այս իրադարձութիւնը դարձած է զբօսաշրջային ուղենիշ, եւ կը յուսանք, որ այս օրինակին հետեւին այս շրջանի եւ այլ շրջաններու բոլոր քաղաքները»: Նախարար Կիտանեան պատիւ նկատեց այս տարուան փառատօնը հովանաւորելը եւ նշեց, որ ատիկա յոյս կու տայ այս քաղաքի եւ շրջանի զաւակներուն խոստումնալից ապագայի համար, եւ անիկա արժանի է ամենայն աջակցութեան եւ գնահատանքի:


