Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Յիսուսի սիրտի ընտանիքի պատարագին ընթացքին յայտնեց, որ մինչ ժողովուրդը կը սպասէր նոր կառավարութեան ծնունդին, որ պիտի արդարացնէ բոլոր մարտահրաւէրները եւ խոստումները, պետութիւնը ժողովուրդը կը ցնցէ` հրապարակելով հրամանագիր մը, որ քաղաքացիութիւն կը շնորհէ օտարերկրացիներուն, որոնք լիբանանեան արմատներ չունին: Ռայի Պատրիարքը յայտնեց, որ ատիկա սահմանադրութեան նախաբանին դէմ է, որ կ՛ըսէ «ո՛չ բաժանումին, ո՛չ բնակեցումին», նշելով, որ քաղաքացիութիւն շնորհելը կը նշանակէ բնակեցնել ոեւէ օտար, որ չունի լիբանանեան արմատներ: Ան հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ասիկա ընդունիլ, երբ ներքին եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն մէջ կան հազարաւոր դիմումներ լիբանանեան քաղաքացիութիւն ստանալու:
Ռայի պատրիարքը նաեւ անդրադարձաւ լիբանանցի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու վէճին` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին շուրջ: Ան յայտնեց, որ «միջազգային ընտանիքը չի քաջալերեր անոնց վերադարձը իրենց երկիրը, այլ կը վախցնէ, եւ մենք ատիկա անձնապէս ըսինք Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնին եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն մեր Փարիզ այցելութեան ընթացքին»:
Ան բացատրեց, որ այցելութեան ընթացքին, իրենք պահանջած են անջատել Սուրիոյ քաղաքական կացութիւնը տեղահանուածներու տունդարձի հարցէն, եւ երկրորդ` քաջալերել տեղահանուածները վերադառնալու իրենց երկիրը կեդրոնանալով քաղաքացիութեան իրաւունքին վրայ, եւ իրենց պատմութեան եւ քաղաքակրթութեան պահպանման վրայ, զանոնք վախցնելու փոխարէն:



