Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Ռիաշի նախագահ Աունին ներկայացուց «Մոնտիալ 2018»-ն Լիբանանեան պետական պատկերասփիւռի կայանէն սփռելու գծով գոյացած համաձայնութեան մանրամասնութիւնները:
Ռիաշի յայտնեց նաեւ, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է կառավարութեան կազմութեան եւ տեղեկատուութեան նախարարութեան կապուած հարցեր:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց գաղթականներու հարցերու նախարարութեան վերաբերող խնդիրներ:
Հանդիպումէն ետք Արսլան նշեց, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկած է նաեւ երկրին նոր կառավարութեան կազմութեան աշխատանքները` շեշտելով, որ կառավարութեան կազմութեան պարագային պէտք է յարգել նախագահ Աունի ճշդած չափանիշները: «Շանթաժը շարունակելու պարագային, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կրնայ երկար տեւել», ըսաւ Արսլան:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի: Քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մասին շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ մշակոյթի նախարարութիւնը յուզող խնդիրներ:
Նշենք, որ Լիբանանեան ուժեր, Փաղանգաւոր եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնները նախագահ Աունէն պահանջեցին չեղեալ նկատել վերջերս անոր կողմէ վաւերացուած լիբանանեան քաղաքացիութեան շնորհումի հրամանագիրը:



