Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ շնորհաւորեց Ներքին ապահովութեան ուժերու կառոյցը` անոր հիմնադրութեան 15-ամեակին առիթով:
Հարիրի շեշտեց, որ հայրենիքին նկատմամբ այդ ուժերուն նուիրուածութիւնը հայրենիքին եւ բոլոր քաղաքացիներուն ապահովութեան դարպասը կը նկատուի:
Միւս կողմէ, Հարիրի ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Փերնիլ Տահլըր Քարտելը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի կատարած աշխատանքներուն վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Նշենք, որ Հարիրիի այցելեց նաեւ հիւսիսային Լիբանանի տնտեսական խորհուրդներուն մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ հիւսիսային Լիբանանի առեւտուրի, երկրագործութեան եւ ճարտարարուեստի պալատներու նախագահ Թուֆիք Տապպուսիի:
Հանդիպումէն ետք Տապպուսի հաստատեց, որ վարչապետ Հարիրի յանձնառու կը մնայ Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ անոր տնտեսական բարգաւաճումին` աւելցնելով, որ բոլոր ուսումնասիրութիւնները կը փաստեն, որ յաջորդ փուլին ընթացքին Լիբանանի տնտեսական յարութիւնը պիտի ըլլայ Թրիփոլիէն` Լիբանանի տնտեսական մայրաքաղաքէն:



