Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Պահիա Հարիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Մարոնի համայնքի համադաշնակցութեան նախագահ Ուատիհ Խազեն: Քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Խազեն շեշտեց, որ Պըրրիին ընդգծած է երկրին կառավարութեան արագ կազմութեան կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ կարելի չէ երկիրը տիրող իրավիճակով պահել` նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային լուրջ մարտահրաւէրները, որոնք լիբանանցիներուն վրայ ճնշում կը բանեցնեն:
Խազեն հաստատեց նաեւ, որ ըստ Պըրրիի, երկրին իշխանութեան պետերուն միջեւ յարաբերութիւնները իրենց լաւագոյն վիճակին մէջ կը գտնուին:
«Պըրրի նշեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, իր եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ բարձր մակարդակի գործակցութիւն գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ ատոր ցայտուն օրինակներէն մէկն է Լիբանանի ծովային եւ ցամաքային սահմանագծումի հարցին համար իշխանութեան երեք պետերուն գործակցութիւնը», հաստատեց Խազեն:
Սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին գծով Խազեն նշեց, որ գաղթականներու հարցերու ՄԱԿ-ի բարձրագոյն ներկայացուցչութեան վարուելակերպը` տեղահանուածներուն մէջ տունդարձին վերաբերեալ վախի սերմանումը, խստիւ դատապարտելի է: Ան հաստատեց, որ Լիբանան կը մերժէ սուրիացի տեղահանուածներուն բնակեցումը:



