Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 9, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումին, որուն հետ քննարկեց երկրին տնտեսական կացութիւնը: Հանդիպումին ետք Մախզումի ընդգծեց կառավարութեան արագ կազմութեան անհրաժեշտութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Թրիփոլիի մէջ ընդունած իր հիւրերուն ներկայութեան շեշտեց կառավարութեան արագ կազմութեան կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ երկրին ելեւմտական եւ տնտեսական իրավիճակը հասած է վտանգաւոր սահմաններու:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ լիբանանեան սփիւռքի նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ հրապարակեց հրամանագիր մը, որուն հիման վրայ գաղթականներու հարցերով ՄԱԿ-ի գերագոյն ներկայացուցչութեան պաշտօնեաներուն լիբանանեան կեցութեան պահանջները կասեցուեցան: Նախարարութիւնը նշեց, որ Արսալի մէջ յստակ դարձած է, որ սուրիացի տեղահանուածներուն հետ գործակցող միջազգային հաստատութիւնները չեն քաջալերեր անոնց տունդարձը, ընդհակառակն` անոնք անուղղակիօրէն վախ կը պատճառեն անոնց, որոնք կը մտածեն տուն վերադառնալու մասին:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը չի փափաքիր սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ քննադատեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի վարուելակերպը` նշելով, որ կարծէք Պասիլ միջազգային հաստատութիւնները ոչնչացնելու պատերազմ յայտարարած է` առանց նկատի ունենալու այդ վարուելակերպին ունենալիք հետեւանքները:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եագուպ Սարրաֆ թուիթըրեան գրառումով մը հաստատեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն համարկումը` լիբանանեան ընկերութեան հետ, մերժելի է:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ ողջունեց Աւստրիոյ մէջ գործող մզկիթներուն թուրք իմամները վտարելու աւստրիական պետութեան քայլը` զայն նկատելով յանդուգն քայլ մը այն երկիրներուն դէմ, որոնք ահաբեկչութեան կը զօրակցին:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն հաստատեց, որ իրենք իրենց հաւատքը կը վերանորոգեն Երուսաղէմի նկատմամբ` զայն նկատելով Պաղեստինի մայրաքաղաքը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ, անդրադառնալով Պրիթելի մէջ զինեալ բախումին պատճառով քառամեայ երեխայի մը սպանութեան, ըսաւ. «Միակ ճարը ապահովութեան վերականգնումն է եւ կարգ մը գլուխներու ոչնչացումը»:

ԱՄԱԼ շարժումի գործադիր յանձնախումբի անդամ, երեսփոխան Մոհամետ Նասրալլա Երուսաղէմի օրուան առիթով շեշտեց, որ պաղեստինցի նահատակներուն թափած արիւնը յումպէտս պիտի չհոսի, այլ` պիտի արդիւնաւորուի պաղեստինեան հողերու ազատագրումով:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ շեշտեց, որ երկրին քաղաքական խմբաւորումներն ու հաւասարակշռութիւնները ի նպաստ վարչապետ Սաատ Հարիրիի չեն:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ կազմուելիք նոր կառավարութիւնը Դիմադրութիւնը թիրախ դարձնելու մարտկոցը պիտի չըլլայ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն ըսաւ. «Երանի լիբանանեան քաղաքացիութեան շնորհումին դէմ բարձրացած աղմուկին փոխարէն` ձայն բարձրանար սուրիացի տեղահանուածները Լիբանանի մէջ բնակեցնելու փորձերուն դէմ»:

 

 

Նախորդը

«Դարձի՛ր Գիրքի Հեղինակ» Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւն

Յաջորդը

Պըրրի Եւ Խազեն Շեշտեցին Կառավարութեան Արագ Կազմութեան Անհրաժեշտութիւնը

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.