Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու յայտարարած է, թէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնումը Թուրքիոյ համար «ազգային խնդիր» է: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ենի Շաֆաք» օրաթերթը:
«Ինչո՞ւ Թուրքիան կ՛ուզէ ունենալ այդ համակարգերը: Թուրքիան ատիկա կ՛ուզէ մէկ աստիճանով վեր բարձրանալու համար, իրեն ուղղուած վտանգը չէզոքացնելու համար: Ատիկա մեր ազգային պահանջն է: Ի՞նչ կ՛ուզեն ատոր դէմ արտայայտուողները: Կ՛ուզեն, որ Թուրքիան խոցելի դառնայ արտաքին վտանգին առջեւ: Ասիկա այս պահուս մեր երկրին համար կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկն է: Եթէ մենք ասիկա ապահովենք` ապահոված պիտի ըլլանք մեր անկախութիւնն ու ազատութիւնը», ըսած է Սոյլու:
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարը նաեւ պնդած է, որ ներկայիս Թուրքիոյ դէմ «խաղեր խաղացողները» շատ են, եւ բազմաթիւ երկիրներ կ՛ուզեն դիտաւորեալ կերպով նուազեցնել աշխարհի վրայ Թուրքիոյ դերն ու ներուժը:
«Սակայն Արեւմուտքի եւ Արեւելքի միջեւ ամէնէն վստահելի կամուրջը, հաստատ, Թուրքիան է», ըսած է Սոյլու:



