Ինչպէս ծանօթ է, 21-23 յունիսին Լիբանան «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) կը հիւրընկալէ պասքեթպոլի միջազգային քառանդամ մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հայաստանի, Եգիպտոսի, Քաթարի եւ Լիբանանի տղոց ազգային խումբերը:
Այս մրցաշարքը կազմակերպող «Սթեփ ըհետ Սփորթց Սքուլ» ընկերութիւնը անոր գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ հաղորդելու նպատակով երեքշաբթի, 12 յունիսին, «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի մէջ պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը:
Այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հսկողութեամբ եւ «Էլիթ Ինշուրընս»-ի հովանաւորութեամբ:
Տեղին է նշել, որ Լիբանանի խումբին համար այս մրցաշարքը լաւագոյն պատրաստութիւնը պիտի ըլլայ աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին գծով:
Լիբանանը զտումի իր վերջին երկու մրցումներուն պիտի հիւրընկալէ («Նուհատ Նաուֆալ»-ի մէջ) Յորդանանը (28 յունիս) եւ Սուրիան (1 յուլիս):



