Նորվեկիոյ Սթավանկեր քաղաքին մէջ երէկ գիշեր իր աւարտին հասաւ «Ալթիպոքս Նորուէյ Չես» ճատրակի գերմրցաշարքը:
Վերջին 19-րդ հանգրուանին հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան ճերմակ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց ամերիկացի Հիքարու Նաքամուրայի հետ` 42-րդ շարժումին: Արոնեան 4 կէտով մրցաշարքը աւարտեց 6-րդ դիրքին վրայ:
5 կէտ ապահովելով տիտղոսակիր դարձաւ ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանա:



