Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանրամասնութիւններ Չաւուշօղլու-Փոմփէօ Հանդիպումին Մասին

June 6, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է իր եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի` մէկ օր առաջ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին մասին:

Անոնք Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումի ընթացքին հաստատած էին Մընպեժի մէջ իրավիճակի կարգաւորման «ճամբու քարտէս»-ը:

Թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Չաւուշօղլու լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ բացի մընպեժեան գործողութիւններէն, իրենք զրուցած են նաեւ թուրք կրօնական քարոզիչ եւ Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջման փորձի համար մեղադրուող ամերիկաբնակ Ֆեթհուլլա Կիւլենի արտայանձնումի հարցին շուրջ:

Ան չէ բացառած նաեւ, որ մօտ օրէն նոյն ձեւաչափով հանդիպում կրնայ տեղի ունենալ Անգարայի մէջ:

Ինչ կը վերաբերի Մընպեժին, բանալով թուրք-ամերիկեան միացեալ աշխատանքային խումբի նախագծած ծրագիրի որոշ փակագիծեր, թուրք նախարարը յայտնած է, որ Սուրիոյ հիւսիսային այդ շրջանին մէջ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միացեալ գործողութիւնները պիտի գործադրուին հիմնականին մէջ երեք փուլով. նախ, քիւրտ զինեալները պէտք է ամբողջովին հեռանան տարածքէն, ապա թրքական ու ամերիկեան զինեալ ուժերը միացեալ քայլերու պիտի ձեռնարկեն Մընպեժի մէջ ամբողջական անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ: Երրորդ քայլը, ըստ Չաւուշօղլուի, պիտի ըլլայ Մընպեժի վերաբնակեցումը ի միջի այլոց նաեւ Թուրքիոյ մէջ գտնուող բազմաթիւ սուրիացի գաղթականներով:

Չաւուշօղլու նշեց, որ Ուաշինկթըն չէ խոստացած քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատել: Ան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու հետ աշխատանքը Ռուսիոյ հետ ջանքերուն այլընտրանք չէ: Թրքական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Փոմփէոյի հետ խօսած են նաեւ Հայկական հարցի մասին:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները յայտարարած են, որ իրենց զինուորական խորհրդականները կը հեռացնեն Մընպեժէն:

Նախորդը

«Թուրքիան Կրնայ Նոր Զինուորական Գործողութեան Նախաձեռնել Իրաքեան Քանտիլի Մէջ» Կ՛ըսէ Պոզտաղ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.