Նախորդ շաբաթավերջին Չինաստանէն Պէյրութ վերադարձաւ «Քլաս սփոր» ընկերութեան սեփականատէր Էլիաս Հաժ, որ Փեքինի մէջ պարգեւատրուեցաւ միջազգային «Փիք» ընկերութեան համաժողովին ընթացքին:
Ան ստացաւ «Պեսթ թրանսֆորմէյշըն»-ի յատուկ մրցանակին «Ոսկեայ կօշիկը»` միջազգային մարզաշխարհին մէջ իր ունեցած ներդրումին, ինչպէս նաեւ լիբանանեան տարբեր տեսակի մարզաձեւերուն մէջ իր ունեցած բազմաթիւ ձեռքբերումներուն համար:



