Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Չինաստանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց` բացայայտելու 29 տարի առաջ Փեքինի Թիենանմեն հրապարակին վրայ ժողովրդավարութեան պահանջով ցոյցերու ճնշման ընթացքին սպաննուածներուն, ձերբակալուածներուն եւ անյայտ կորսուածներուն թիւերը:
Ան 1989-ին տեղի ունեցած դէպքերու տարելիցին առիթով յայտարարութեան մէջ ըսաւ, թէ իր երկիրը կը յիշէ անոնք, որոնք 4 յունիս 1989-ին իրենց կեանքերը կորսնցուցին:
«Միացեալ Նահանգներ իրենց ձայնը կը միացնեն միջազգային ընտանիքի այլ անդամներուն եւ Չինաստանէն կը պահանջեն հրապարակել այդ դէպքերուն ընթացքին զոհուածներուն, անյայտ կորսուածներուն եւ ձերբակալուածներուն թիւերը», նշեց Փոմփէօ:



