
Եգիպտական ապահովական ուժերը երէկ երկրորդ օրն ըլլալով բախում ունեցան շուրջ հինգ հազար ցուցարարներու հետ, որոնք Զինեալ ուժերու խորհուրդէն կը պահանջէին իշխանութիւնը քաղաքային եւ ընտրովի կառավարութեան մը յանձնելու թուականը յայտարարել:
Ապահովական ուժերը բիրտ ուժ գործածելով յաջողեցան ցրուել Թահրիր հրապարակին վրայ գտնուող նստացոյցը, սակայն ցուցարարները աւելի ուշ վերադարձան եւ երկու կողմերուն միջեւ բախումները շարունակուեցան:
Եգիպտոսի Իսլամ եղբայրները յայտնեցին, որ ցուցարարներուն դէմ կատարուած յարձակումը «ոճիր» մըն է` նշելով, որ խորհրդարանական ընտրութիւնները յետաձգելը կամ ջնջելը եգիպտական յեղափոխութեան դէմ յեղաշրջում մըն է: Եգիպտոսի կառավարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ ընտրութիւններու ժամկէտին յանձնառու կը մնայ եւ հերքեց, թէ ոստիկանութիւնը ցուցարարներուն դէմ փամփուշտ օգտագործած է:
Ըստ վերջին տեղեկութեանց, Գահիրէի Թահրիր հրապարակին վրայ տեղի ունեցած երկօրեայ բախումներուն պատճառով արձանագրուած է երեք զոհ եւ 1194 վիրաւոր: Ցոյցեր եւ բախումներ տեղի ունեցան նաեւ Աղեքսանդրիոյ մէջ:
«Արապիա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանը հաղորդեց, որ ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, Եգիպտոսի մշակոյթի նախարար Իմատ Ապու Ղազի ներկայացուցած է իր հրաժարականը:


