Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ասատ Կ՛ուզէ Այցելել Հիւսիսային Քորէա

June 4, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հիւսիսային քորէական «Ռոտոնկ Սինմուն» օրաթերթը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ կ՛ուզէ այցելել Հիւսիսային Քորէա եւ հանդիպում ունենալ անոր ղեկավար Քիմ Չեն Ընի հետ:

Ասատ այդ յայտարարութիւնը կատարած է 30 մայիսին, Սուրիոյ մէջ Հիւսիսային Քորէայի նոր դեսպանի հաւատարմագիրները ստանձնելու արարողութեան ընթացքին:

Ան յայտարարած է, թէ երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամութեան հիմերը դրուած են Սուրիոյ նախկին նախագահ Հաֆեզ Ասատի պաշտօնավարման ժամանակ` նշելով, որ կ՛ուզէ հետագային այցելել Հիւսիսային Քորէա եւ հանդիպում ունենալ անոր ղեկավարին հետ: Ան նաեւ վստահութիւն յայտնած է երկու Քորէաներու վերամիացման հոլովոյթի յաջողութեան նկատմամբ:

Սուրիոյ նախագահը նաեւ նշած է, որ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարին քաղաքականութեան շնորհիւ վերջին օրերուն Քորէական թերակղզիին վրայ կը նկատուին դրական փոփոխութիւններ:

«Սուրիոյ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ ամբողջական կերպով աջակցիլ Հիւսիսային Քորէայի իշխանութիւններու քայլերուն եւ պիտի ընդլայնէ ու խորացնէ Հիւսիսային Քորէայի հետ բարեկամական յարաբերութիւնները», ըսած է Ասատ:

Նախորդը

«Մենք Չենք Վստահիր Թուրքիոյ Եւ Կը Կարծենք, Թէ Անոր Հետ Բանակցութիւնները Պէտք Է Ամբողջովին Դադրեցուին» Կ՛ըսէ Քուրց

Յաջորդը

Ապտալլա Բ. Թագաւորը Երկխօսութեան Կոչ Կ՛ուղղէ. Յորդանանի Մէջ Տուրքերու Բարձրացման Օրինագիծին Դէմ Բողոքի Ցոյցերը Կը Շարունակուին

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.