Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երկխօսութեան Միջոցով Քիւրտ Զինեալներու Հետ Չհամաձայնելու Պարագային Պիտի Չխուսափինք Ուժի Կիրարկումէն» Կ՛ըսէ Ասատ

June 1, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Դամասկոս պատրաստ է խաղաղ բանակցութիւններ վարելու Սուրիոյ հիւսիսը գործող քիւրտ զինեալներու հետ, սակայն երկխօսութեան միջոցով համաձայնութեան կայացման բացառման պարագային պիտի չխուսափի ուժի կիրարկումէն:

Ասատ նշեց, որ Սուրիոյ բանակը պէտք է վերահաստատէ իր վերահսկողութիւնը քիւրտ զինեալներու տիրապետութեան տակ գտնուող տարածքներուն վրայ: Անոր համաձայն, այս հարցին մէջ իրենք պատրաստ են բանակցութեան դուռ բանալու քրտական ուժերուն համար:

«Ասիկա առաջին տարբերակն է: Եթէ հարցը այս ճամբով չլուծուի, մենք պիտի դիմենք այդ տարածքները ուժի միջոցով վերադարձնելու տարբերակին», ըսաւ Ասատ:

Ան յայտնեց, որ Սուրիոյ թշնամիները եւ Արեւմուտքի մէջ Ուաշինկթընի ղեկավարութեամբ հակառակորդները կը փորձեն պատերազմին աւարտը յետաձգել, սակայն ամերիկեան ուժերը կը կորսնցնեն իրենց խաղաթուղթերը, որոնց կարեւորագոյններէն մէկը Ժապհաթ Նուսրան էր, եւ անոնք այս կամ այն ձեւով պիտի հեռանան Սուրիոյ հողերէն: «Անոնք ձեւով մը պիտի հեռանան, եւ պէտք է դաս քաղեն Իրաքի մէջ իրենց հետ պատահածէն», ըսաւ Ասատ` աւելցնելով, որ Իրաքը բացառութիւն մը չէ, որովհետեւ «մեր ժողովուրդները այլեւս չեն ընդունիր այս տարածաշրջանին մէջ օտարներու ներկայութիւնը»:

Սուրիոյ նախագահը պնդեց, որ եթէ չըլլայ «Սուրիոյ թշնամիներուն` դուրսէն ստացած աջակցութիւնը», ապա Դամասկոս կրնայ մէկ տարուան ընթացքին վերջնականապէս յաղթել պատերազմը:

Քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը` մեկնաբանելով Ասատի խօսքերը, յայտնեցին. «Զինուորական ընտրանքը տագնապին լուծում մը չէ»` աւելցնելով, որ իրենք կը զօրակցին սուրիական հակամարտութեան լուծման բանակցութիւներուն:

Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը պահանջեցին «ժողովրդավարական վարչակարգ մը, որ կ՛երաշխաւորէ ցեղային ու կրօնական իրաւունքները»:

 

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Ներքին Գործոց Նախարարը Լաւատես Է Թուրք-Ամերիկեան Յարաբերութիւններու Բարելաւումով

Յաջորդը

«Քրտական Ջոկատները Պէտք Է Լքեն Մընպեժը, Որուն Ճակատագիրը Հետագային Յստակ Պիտի Դառնայ Ուաշինկթընի Եւ Անգարայի Միացեալ Որոշումով» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.