Նորվեկիոյ Սթավանկեր քաղաքին մէջ շարունակուող «Ալթիպոքս Նորուէյ Չես» ճատրակի գերմրցաշարքին Գ. հանգրուանին հայկական ճատրակի առաջատար Լեւոն Արոնեան սեւ քարերով պարտուեցաւ աշխարհի գործող ախոյեան, նորվեկիացի` Մակնիւս Քարլսընէն: Այս ճակատումը աւարտեցաւ` 31-րդ շարժումին:
Գ. հանգրուանէն ետք, ներկայիս, Քարլսըն 2,5 կէտով կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը: Արոնեան ունի 1 կէտ:
Նշենք, որ նախորդ երկու հանգրուաններուն Արոնեան արձանագրեց 2 հաւասարութիւն:



