Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՅՈՒԶՈՒՄՆԵՐ «ՏԱՏԻԿԻՍ ԴԱՋՈՒԱԾՔՆԵՐԸ» ԺԱՊԱՒԷՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

November 21, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին կազմակերպութեամբ, հինգշաբթի, 10 նոյեմբեր 2011-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ ցուցադրուեցաւ «Տատիկիս դաջուածքները» ժապաւէնը` բեմադրութեամբ վաւերագրական ժապաւէններու մարզին մէջ մեծ աւանդ ձեռք բերած դոկտ. Սիւզան Խարտալեանի:

Որպէս առաջին տպաւորութիւն` պէտք է արձանագրել, որ ներկաներն ու Սիւզանը առաջին իսկ վայրկեանէն կրցան զիրար հասկնալ: Ամէն մէկ հանդիսատես ժապաւէնին մէջ զինք յուզող բան մը տեսաւ ու իրեն հետ տարաւ: Այդ օրուան տպաւորութիւնը բաւական երկար պիտի յամենայ իւրաքանչիւրիս հոգիին մէջ:

Իր էութեան մէջ ժապաւէնը ունի իւրայատուկ առաջադրանքներ, որոնցմէ է, 100 տարուան փակ մնացած արխիւներ եւ ցաւեր բանալու քաջութիւնը: Մեր միջավայրին մէջ ո՞վ կը հաւատայ, որ իր մեծ մայրը բռնաբարուած է: Ո՞վ կ՛ընդունի, որ ինք «անբարոյ» կնոջ մը թոռնիկն է: Բայց Սիւզանին բացայայտումներէն ետք, երբ պահ մը նայինք մեր շուրջը, պիտի տեսնենք կամ գոնէ պիտի յիշենք, որ մեր շրջապատին մէջ շատ մը դաջուած կիներ կային: Ուրեմն բոլորն ալ… Այո՛, ցեղասպանութեան կենդանի զոհերն են անոնք: Թէեւ ֆիզիքապէս չմեռան, բայց մահացան բարոյապէս: «Մեծ մայրս քալող դիակ մըն էր», կ՛ըսէ Սիւզան:

Ահա իմ մէջ ընթացք կ՛առնէ ատելութեան նոր թափ մը թուրքին հանդէպ: Հայ տղամարդիկ զոհ գացին եաթաղանին, մեր ամբողջ մտաւորականութիւնը զոհ գնաց թրքութեան, ամբողջ հայրենիք մը կորսնցուցինք… Այս բոլորին համար ես արդարօրէն կ՛ատեմ թուրքը: Իսկ հիմա հայ տղամարդու արժանապատուութիւնս կրկնակիօրէն վիրաւորուեցաւ ազգիս պատիւը համարուող կիներուն համար, որոնք եղած են հեղ մը փափկասուն տիկնայք, այլ տեղ մը տնաշէն մայրեր ու քոյրեր: Հայ կինը ես պատկերացուցած եմ ազնուութեան գագաթին, ինծի համար հայ մայրը եղած է բարի, բարեպաշտ ու համեստ: Եթէ թուրք մայրեր հայ մօր բարութենէն նշոյլ մը ունենային, քիչ մը` բարութիւն, անոնց զաւակները այդ աստիճանի գազանային վերաբերում չէին ցուցաբերեր: Ես կրկնակիօրէն ատեցի թուրքը այս ժապաւէնը դիտելէ ետք:

Ժապաւէնին մէջ իրագործուած են գեղարուեստական հետաքրքրական հնարքներ: Տպաւորիչ էր Սիւզանին առանձինը կատարած թաղման կարգը Տէր Զօրի մէջ` իր հաւաքած ոսկորներով: Ապա ուշագրաւ էր անապատին մէջ մարդոց փոխարէն անոնց նկարներու ցուցադրութիւնը:

Հեղինակը անցեալն ու ներկան միախառնելով` ուզած է ցոյց տալ, թէ կեանքը կը շարունակուի` ի՛նչ ալ եղած ըլլան անցեալի դառնութիւնները. ողբերգութեանց առընթեր, ժապաւէնին մէջ կան ուրախութիւն, նշանտուք ու խնճոյք, բայց անշուշտ տիրականը յուզումն է, զոր Սիւզանը յաջողած է փոխանցել եւ մեզի լսելի դարձնել իր ձայնը` հայ կնոջ ձայնը, որ խեղդուած էր ցարդ:

Ժապաւէնին մէջ մենք կը տեղափոխուինք հայրենիք, ուր 104 տարեկան նիհարակազմ մամիկի մը լացը խարան մըն է անարդարութեան ճակատին. ապա կ՛երթանք Տէր Զօր, ուր զոհերու յիշատակին կառուցուած մատրան մէջ չափազանց զգացուած Սիւզան կը փղձկի յանկարծ: Կու լայ, բայց իր լացին պատճառը անծանօթ կը թուի իրեն: Հարիւր տարի առաջ իր մեծ մօր եւ բոլոր մեր մեծ մայրերուն ցաւագին լացերուն արձագանգը չէ՞ արդեօք անոր լացը…

Հայոց ցեղասպանութեան ծանօթացման Սիւզանին նախորդ աշխատանքներուն կողքին մեծ իրագործում մը եւս կ՛արձանագրուի:

Գնահատելի էր կազմակերպիչ մարմինին ճիգը, որ կրցած էր ապահովել հանդիսատեսներու մեծաթիւ ներկայութիւն մը: Բացման խօսքը դիպուկ էր, բայց կը պակսէր փակման կամ շնորհակալական խօսք մը, կամ… ծաղկեփունջ մը եւ թերեւս յուշանուէր մը, որոնց Սիւզան անպայման չէր սպասեր:

Շատ նպատակայարմար կ՛ըլլար, որ այս գործը ցուցադրուէր ապրիլ 24-ին եւ քիչ մը աւելի մեծ մասշտապով, ինչպէս պիտի ըսէր արեւելահայը: Տակաւին, ինչո՞ւ չէ, օտարներուն եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու, որպէսզի անիկա հասնի ճիշդ իր նպատակին:

Յաջողութիւն` Ցեղասպանութեան Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին: Յաջողութիւն Սիւզանին…

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

Նախորդը

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԱՄԱԿԸ ՆՈՐՎԵԿԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ` ՆԱՆՍԵՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 150-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Յաջորդը

7-21 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ, 2011. ԹԱՐՄ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԷՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։