Նորին Վսեմութիւն
Տիար Եանս Սթոլթընպըրկ
Վարչապետ Նորվեկիոյ
Օսլօ
Ձերդ Վսեմութիւն,
Ինչպէս գիտէք, պատմաբան, արեւելագէտ, գիտնական, Ազգերու լիկայի գաղթականաց յանձնակատար եւ խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակակիր Ֆրիտճոֆ Նանսեն յատկանշական դերակատարութիւն ունեցած է 1915-ի Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ ժողովուրդին մարդասիրական օժանդակութեան ծիրէն ներս:
Անոր ծննդեան 150-ամեակին առիթով` հրապարակային հանդիսութիւն մը կազմակերպուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մէջ, Լիբանան, յիշատակելու Ֆրիտճոֆ Նանսենի բերած ներդրումը հայ ժողովուրդին` անոր արդի պատմութեան ամէնէն ճակատագրական հանգրուանին, ինչպէս նաեւ արտայայտելու մեր երախտագիտութիւնը հանդէպ Նորվեկիոյ ժողովուրդին: Դեսպաններու եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու կողքին, Լիբանանի մէջ Նորվեկիոյ դեսպանը` տիար Սվէյն Աասը ներկայ էր սոյն հանդիսութեան` իբրեւ գլխաւոր բանախօսներէն մէկը:
Մեր փակման խօսքին մէջ, Ֆրիտճոֆ Նանսենի ներկայ ժամանակներու պատգամը ներկայացուցինք, հետեւեալ ձեւով.- ա) Ազգերու, կրօններու եւ մշակոյթներու միջեւ կամուրջներ հաստատելը պէտք է լուրջ ուշադրութեան արժանանայ: բ) Մարդկային իրաւանց պաշտպանութիւնը պէտք է դառնայ առաջնահերթութիւնը բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան մարդկային արժանապատուութեան, արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութեան: գ) Բոլոր անոնք, որոնք ցեղասպանութիւն գործած են, պէտք է հաշուետու ըլլան մարդկութեան դէմ իրենց գործած ոճիրին համար:
Արդարեւ, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերահաստատումը լուրջ մտահոգութիւն էր Ֆրիտճոֆ Նանսենի համար: Իր «Հայաստան եւ Մերձաւոր Արեւելք» հատորին հետեւեալ եզրափակիչ բառերը իրապէս մարգարէական են.- «Բայց հայ ժողովուրդը երբեք չյուսալքուեցաւ. ան քաջաբար շարունակեց իր կեանքը` աշխատելով եւ սպասելով. սպասելով տարուէ տարի. ան տակաւին կը սպասէ»:
Պրն. վարչապետ,
Նորվեկիոյ խոր յանձնառութիւնը մարդկային իրաւանց հարցին գծով հանրածանօթ է: Ֆրիտճոֆ Նանսենի ծննդեան 150-ամեակը մարտահրաւէր մըն է նորվեկիացի եւ հայ ժողովուրդներուն նոր որակ եւ շեշտ տալու իրենց հասարակաց ճիգին` հետապնդելու Մարդկային իրաւանց միջազգային հռչակագիրի գործադրութիւնը բոլոր ազգերուն կողմէ:
Լաւագոյն մաղթանքներով`
Աղօթարար`
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
10 նոյեմբեր, 2011
Անթիլիաս

