Հայաստանի զինուած ուժերու յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի մարզիկ-զինուորները մասնակցեցան Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցած զինուորականներու աշխարհի 33-րդ ախոյեանութեան, որ կը կազմակերպէ Ռազմական մարզական միջազգային խորհուրդը:
Այս ախոյեանութեան, որուն մասնակցեցան նաեւ ողիմպիական աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեաններ, հրաւիրուած էին 22 երկիրներու 153 մարզիկներ:
Հայկական պատուիրակութեան կազմին մէջ ընդգրկուած էին 9 մարզիկներ` իրենց մարզիչ ունենալով Արմէն Բաբալարեանը:
Ախոյեանութեան մասնակցած հայ մարզիկ-զինուորները տիրացան 1 ոսկի (Ռուդիկ Մկրտչեան, 55 քկ), 1 արծաթ (Ասլան Պօղոսեան, 67 քկ) եւ 3 պրոնզ (Արարատ Մանուչարեան` 60 քկ, Արմէն Յակոբեան` 72 քկ եւ Էդուարդ Սարգսեան` 82 քկ) մետալներու:
Հայկական պատուիրակութեան կազմին մէջ ընդգրկուած միջազգային առաջին կարգի իրաւարար Գուրգէն Սահակեան արժանացաւ մրցաշարքի լաւագոյն իրաւարարի կոչումին:



