Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քննարկուեցան Պարէնի Եւ Գիւղատնտեսութեան Կազմակերպութեան Հետ Համագործակցութեան Հարցերը

May 24, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան երէկ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն հետ` ընթացիկ գործունէութիւնը եւ համագործակցութեան հեռանկարները քննարկելու նպատակով: Հանդիպման կը մասնակցէին Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարի տեղակալ Արմէն Յարութիւնեան, Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան փորձագէտներ, նախարարութեան այլ պատասխանատուներ:

Ողջունելով հիւրերը` նախարար Արթուր Խաչատրեան կարեւոր նկատեց Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան աջակցութեամբ գիւղատնտեսութեան մարզին մէջ իրականացուող ծրագիրները` վստահութիւն յայտնելով, որ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան հետ համագործակցութիւնը պիտի շարունակէ ընդլայնիլ եւ խորանալ:

«Գիւղատնտեսութիւնը երկարաժամկէտ խնդիրներ կը լուծէ, եւ մենք կը գիտակցինք, որ որոշակի շեշտադրումներու փոփոխութիւն պէտք է ըլլայ: Մասնաւորաբար, եթէ հաշուի առնենք, որ որոշ մարզերուն մէջ արտադրանքի էական մասը` մինչեւ 90-95 առ հարիւրը, կը գոյանայ փոքր տնային տնտեսութիւններէն, տրամաբանական է, որ զանոնք  նոյնպէս անհրաժեշտ է քաղաքականութեան մէջ ներգրաւել: Բացի անկէ, փոքր տնտեսութիւնները պէտք է ընդգրկել նաեւ համագործակցութեան մէջ: Արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը մեզի համար շատ կարեւոր է  շահերու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ գիւղատնտեսական արժեշղթան ամբողջականացնելու տեսանկիւնէն», նշեց նախարարը:

Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան ներկայացուցիչի օգնական Գայեանէ Նասոյեան իր խօսքի սկիզբը շնորհաւորեց Արթուր Խաչատրեանը` Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով` մաղթելով արդիւնաւէտ աշխատանք:

Գայեանէ Նասոյեան այնուհետեւ ներկայացուց 2016-2020 թուականներու Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան առաջնահերթութիւններու ծրագրային շրջանակը, յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի մէջ խաղողի ծիներու պաշարներու պահպանման, ձկնաբուծութեան մարզին մէջ ջրային աղբիւրներու այլընտրանքային օգտագործման, կաթնամթերքի մատակարարման եւ վերամշակման հոլովոյթներու բարելաւման ուղղուած ծրագիրներուն եւ այլ հարցերու:

 

Նախորդը

Աւստրալիոյ Ռայտ Քաղաքը Վաւերացուց Արցախի Անկախութեան Սատարող Բանաձեւ Մը

Յաջորդը

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Միջեւ

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.