Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զոհրապ Մնացականեան. «Մեր Առաջնահերթ Պարտականութիւնն Է Ապահովել Արցախի Անվտանգութիւնը»

May 21, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան 18 մայիսին ընդունեց Ստեփանակերտ եկած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութիւնը:

Շնորհաւորելով նախարար Մնացականեանը արտաքին գործոց նախարար նշանակուելուն առիթով` նախագահ Սահակեան իր անվերապահ աջակցութինը յայտնեց արտաքին գործոց նախարարին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր իր պատասխանատու առաքելութեան մէջ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով բարեմաղթանքներուն եւ աջակցութեան համար` նախարար Մնացականեան ընդգծեց, որ յստակ էր, որ առաջին այցելութիւնը պէտք է ըլլար Արցախ, ուր պէտք է ստանալ անհրաժեշտ լիցքերը: «Արցախը կարեւորագոյն նշանակութիւնը ունի ամբողջ հայութեան համար. ատիկա մեր ինքնութեան կարեւորագոյն սիւներէն մէկն է: Մեր առաջնահերթ պարտականութիւնն է ապահովել Արցախի եւ անոր ժողովուրդի ապահովութիւնը», շեշտեց նախարար Մնացականեան:

Զրուցակիցները անդրադարձ կատարեցին ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին: Այդ ծիրին մէջ նախարար Մնացականեան ներկայացուց ղարաբաղեան տագնապի լուծման շուրջ ունեցած քննարկումները, եռանախագահներու հետ յառաջիկային ծրագրուող հանդիպումներու նախապատրաստական աշխատանքները:

Արցախի նախագահը կարեւոր նկատեց Ստեփանակերտի եւ Երեւանի միջեւ խորհրդակցութիւններու ու հանդիպումներու շարունակականութիւնը` ընդգծելով, որ անոնք կարելիութիւն կ՛ընձեռեն քննարկելու արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող տարբեր հարցեր եւ նախանշելու անոնց լուծման ուղիներն ու միացեալ քայլերը:

Ստեփանակերտի մէջ 19 մայիսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Մասիս Մայիլեանի հանդիպումը: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութիւնը:

Հանդիպումը սկսաւ առանձին զրոյցով, ապա շարունակուեցաւ ընդլայնուած կազմով` պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ:

Ողջունելով հիւրը` Արցախի արտաքին գործոց նախարարը շնորհաւորեց Զոհրապ Մնացականեանը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով եւ մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ իր կարեւոր առաքելութեան մէջ:

Արտաքին գործոց նախարարները ընդգծեցին երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ շարունակական ու արդիւնաւէտ փոխադարձ գործակցութեան, պարբերական քաղաքական խորհրդակցութիւններու եւ ոլորտային պատասխանատուներու մակարդակով յաճախակի հանդիպումներու կայացման կարեւորութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի բացառապէս խաղաղ լուծման հոլովոյթի վերջին զարգացումները, անդրադարձ կատարուեցաւ այդ ուղղութեամբ տեղի ունեցած շփումներուն:

Նախօրէին Հայաստանի արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներ Զոհրապ Մնացականեան եւ Դաւիթ Տօնոյեան այցելեցին Արցախի բանակի զօրամաս, ուր Արցախի պաշտպանութեան բանակի հրամանատար, զօրավար Լեւոն Մնացականեան ներկայացուց տագնապի գօտիին մէջ առկայ ռազմական-մարտավարական իրադրութիւնը, անդրադարձաւ այն բոլոր գործընթացներուն, որոնք իրականացուած են ու կը շարունակեն իրականացուիլ Արցախի պաշտպանական համակարգի ամրապնդման ուղղութեամբ:

 

Նախորդը

Բակօ Սահակեան Եւ Դաւիթ Տօնոյեան Քննարկած Են Բանակաշինութեան Ոլորտին Մէջ Համագործակցութեան Հարցերը

Յաջորդը

Արսէն Համբարձումեան. «Հաւանական Է Համաձայնական Դաշինքի Ձեւաւորումը»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.