Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արծուիկ Մինասեան Հանդիպեցաւ Համաշխարհային Դրամատան Պատուիրակութեան Հետ

May 19, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեան հանդիպեցաւ Համաշխարհային դրամատան հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Սիլվի Պոսութղոյի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Համաշխարհային դրամատան եւ Համաշխարհային տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան միջեւ համագործակցութեան ու Հայաստանի կառավարութեան յառաջիկային ներկայացուելիք ծրագիրին առնչուող հարցեր:

Նախարար Մինասեան մանրամասն անդրադարձաւ նախարարութեան կողմէ Համաշխարհային դրամատան համագործակցութեամբ իրականացուող աշխատանքներուն եւ քաղաքական նոր իրողութիւններու պայմաններուն մէջ տնտեսութեան իրավիճակին: Խօսելով նոր ձեւաւորուած կառավարութեան եւ Ազգային ժողովի արտակարգ ընտրութիւններու կայացման անհրաժեշտութեան մասին` նախարարը վստահեցուց, որ ջանք ու եռանդ պիտի չխնայէ տնտեսական բարեփոխումները ժամանակին եւ լաւագոյնս իրականացնելու համար:

Նախարարը անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ ներդրումային միջավայրի բարելաւման եւ ներդրումներ իրականացնելու նոր կարելիութիւններու ստեղծման, ուր խաղի կանոնները բոլորին համար նոյնը պիտի ըլլան: Մասնաւորաբար նշուեցաւ արդէն իսկ առկայ դրական ազդակներու եւ Հայաստանի մէջ ներդրումներ իրականացնելու բազմաթիւ անձերու եւ կազմակերպութիւններու ցանկութեան մասին:

Արծուիկ Մինասեան մանրամասն անդրադարձաւ նախարարութեան հետ իրականացուող Համաշխարհային դրամատան ծրագիրներու ընթացքին: Միտքեր փոխանակուեցան արտահանման խթանման, պետութիւն-մասնաւոր հատուած գործընկերութեան, տնտեսական մրցակցութեան ու հակամենաշնորհային քաղաքականութեան, փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու զարգացման, ինչպէս այլ հարցերու շուրջ:

Սիլվի Պոսութղոն, շնորհաւորելով նախարարը նշանակման առիթով, շնորհակալութիւն յայտնեց ծրագիրներու մանրամասն ներկայացման համար:

Համաշխարհային դրամատան խորհուրդի պատուիրակութեան անդամները նախարարին ներկայացուցին «Ապագայի Հայաստանը միակցում, մրցակցում, բարգաւաճում» երկրին համակարգուած գնահատման զեկուցումը, որ ամբողջական տնտեսական վերլուծում կը ներկայացնէ եւ իբրեւ ուղեցոյց կրնայ հանդիսանալ Համաշխարհային դրամատան հետ համագործակցութեան գործընթացին մէջ:

Հանդիպման ընթացքին համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ Համաշխարհային դրամատան յառաջիկայ ոլորտային փորձագիտական առաքելութիւններու հետ հանդիպումներուն մասով:

Հանդիպման աւարտին կողմերը անգամ մը եւս պատրաստակամութիւն յայտնեցին միացեալ աշխատանքը եւ համագործակցութիւնը ընդլայնելու:

 

Նախորդը

Տօնոյեան Եւ Մնացականեան Այցելեցին Սահմանագիծ

Յաջորդը

Ռիչարտ Միլզ. «Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Պատրաստակամ Է Օժանդակելու Հայաստանին»

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.