Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Եւ Արաբական Ակումբներու Պասքեթպոլի Ախոյեան Հմըմ Զոյգ Յաղթանակները Նուիրեց Նախագահ Աունին Եւ Վարչապետ Հարիրիին

May 19, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Խաչատուրեանի եւ տղոց պասքեթպոլի յանձնախումբի ատենապետ Կի Մանուկեանի, այցելեց նախագահական պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին ՀՄԸՄ Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը նուիրեց հանրապետութեան նախագահին:

Նախագահ Աուն ողջունեց Լիբանանի արձանագրած մարզական նուաճումներն ու յաղթանակները: Ան շնորհաւորեց ՀՄԸՄ-ը` անոր իրագործած մարզական այդ կարեւոր նուաճումին համար, եւ յաջողութիւն մաղթեց խումբին` նշելով, որ ներկայիս ՀՄԸՄ կը գտնուի նոր մարտահրաւէրի մը դիմաց, որն է Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան տիտղոսին տիրացումը` աւելցնելով, որ կամքին դիմաց անկարելի ոչինչ գոյութիւն ունի:

Իր կարգին, Կի Մանուկեան յայտնեց, որ պայքարով եւ պարկեշտութեամբ կարելի է արդիւնքներ արձանագրել եւ նպատակներ իրագործել:

Ապա ՀՄԸՄ հանրապետութեան նախագահին նուիրեց զոյգ ախոյեանութիւններուն բաժակները:

Կեդրոնական Պէյրութի Մէջ

ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը ուղղուեցաւ նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը, ուր վարչապետին յանձնեց Լիբանանի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքին եւ Արաբական ակումբներու ախոյեանութեան տիտղոսները:

Հանդիպումին ընթացքին վարչապետը շնորհաւորեց ՀՄԸՄ-ը անոր արձանագրած յաղթանակին եւ ախոյեանութեան տիտղոսին առիթով: Ան մաղթեց, որ ՀՄԸՄ նորանոր յաղթանակներ արձանագրէ եւ նոր ախոյեանութիւններու տիրանայ:

Կի Մանուկեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Լիբանան բոլորին երկիրն է` աւելցնելով, որ յարատեւ աշխատանքով, վստահութեամբ եւ ատակութեամբ միայն կարելի է փայլուն արդիւնքներ արձանագրել:

Նախորդը

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Ճշդեց Պեքաայի Ու Պաալպեքի Մէջ Որդեգրուելիք Ապահովական Միջոցառումներն Ու Գործադրուելիք Բարգաւաճման Ծրագիրները

Յաջորդը

«Թուրքիա՛, Դուն Պատասխանատու Ես Հայոց Ցեղասպանութեան Համար» Կը Գրէ Նեթանիահուի Որդին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.