Արժանթինեան մամուլին համաձայն, Լիոնել Մեսսի պիտի չհեռանայ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբէն, նոյնիսկ եթէ անոր կազմը չկարենայ տիրանալ 2018-ի մոնտիալի տիտղոսին:
Մեսսիի համաձայն, նոյնիսկ կիսաւարտականին հասնիլը կարելի է նկատել բաւական լաւ արդիւնք մը:
«Պէտք է շարունակենք մեր պայքարը` մեր երազները ամէն գնով իրականացնելու համար», կ՛ըսէ Մեսսի:
Ռուսիոյ մէջ կատարուելիք 2018-ի մոնտիալի Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Արժանթինի մրցակիցները պիտի ըլլան Իսլանտա Խրուաթիա եւ Նիկերիա:



