Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԷՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ԿԱՏԱՐԵԼ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԱՌՋԵՒ ՍՏԱՆՁՆԱԾ ԻՐ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

November 19, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Գերմանիոյ խորհրդարանը

Գերմանիոյ խորհրդարանի Մարդկային իրաւանց եւ մարդասիրական օգնութեան յանձնախումբը 9 նոյեմբեր 2011-ին որդեգրած է բանաձեւ մը, որ Ազրպէյճանէն կը պահանջէ հաւատարիմ մնալ Եւրոպական խորհուրդին առջեւ ստանձնած իր պարտաւորութիւններուն:

Բանաձեւին թեր քուէարկած են Քրիստոնեայ-ժողովրդավար միութիւնը, Ազատ ժողովրդավարական կուսակցութիւնը, Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը եւ Կանաչներու կուսակցութիւնը, իսկ ձախերու կուսակցութիւնը ձեռնպահ մնացած է:

Բանաձեւին մէջ մասնաւորաբար կ՛ըսուի, որ «Ազրպէյճան Եւրոպական խորհուրդի անդամ է 2001-էն ի վեր եւ 2002-ի ապրիլին ստորագրած է Մարդկային իրաւանց եւրոպական ուխտը: Այդ պարտաւորութիւնները Ազրպէյճան ինք ստանձնած է եւ պարտաւոր է կատարել զանոնք: 2009-ի մարտին Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը Քրիսթոֆ Շթրեսերը այդ երկրին մէջ քաղաքական բանտարկեալներու հարցերով յատուկ զեկուցող նշանակած է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ան ազրպէյճանական բանտեր ազատ մուտք պէտք է ունենար: Հակառակ բազմաթիւ պահանջներուն, այդ երկիրը կը հրաժարի անոր մուտքի արտօնագիր տրամադրել: Միաժամանակ, քաղաքական բանտարկեալներու վիճակը այդ պետութեան մէջ մտահոգութիւն կը պատճառէ:

«Ընդդիմադիրները, լրագրողներն ու պլոկըրները կ՛ահաբեկուին եւ կը բանտարկուին: Ատոր համար ալ անհրաժեշտ է, որ Եւրոպական խորհուրդը իր զեկուցողին միջոցով պատկերացում կազմէ, թէ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ուխտի չափանիշերը Ազրպէյճանի մէջ որքանո՛վ կը պահպանուին:

«- Գերմանիոյ խորհրդարանի Մարդկային իրաւանց եւ մարդասիրական օժանդակութեան յանձնախումբը Եւրոպական խորհուրդի անդամ  երկիրներէն կ՛ակնկալէ իրենց ընդունած պարտաւորութիւններու կատարում, ներառեալ` համագործակցութիւն լիազօրուած զեկուցողներուն հետ:

«- Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովէն կը պահանջէ ճնշում գործադրել Ազրպէյճանի վրայ, որպէսզի վերջինս Շթրեսերին թոյլ տայ մուտք գործել երկիր:

«- Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովէն կը պահանջէ ճնշում բանեցնել Ազրպէյճանի վրայ, որպէսզի վերջինս իբրեւ Եւրոպական խորհուրդի անդամ կատարէ իր կողմէ ստանձնած պարտաւորութիւնները եւ եւրոպական ուխտով ամրագրուած մարդկային իրաւանց եւ հիմնարար ազատութիւնները պաշտպանելու միջոցառումներուն ձեռնարկէ:

«- Կ՛ողջունէ Գերմանիոյ կառավարութեան ջանքերը, որոնք ուղղուած են Ազրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան»:

 

Նախորդը

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ՍՊԱՆԵՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԷ ՀԵՌԱՑՈՒԱԾ ԵՆ ՆԱՄԱԶԻ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՆՈՒՆ ԵՒ ԿԱՇԱՌՔ ՉԱՌՆԵԼՆՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Յաջորդը

ԺԻՒՓԷ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ. «ՖՐԱՆՍԱ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՄԻԱԿՈՂՄԱՆԻ ՈՐԵՒԷ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ Է»

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Միջազգային

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Նախաձեռնութեամբ Իրականացուող «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Պիտի Ապահովէ Ազրպէյճանի Մայրցամաքային Մասի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Անխոչընդոտ Կապը»

November 25, 2026
Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի  Միջանցք»-ին Մասին
Միջազգային

Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Մասին

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։