Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եօթը Ծաղիկները

May 18, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Պատշգամիս թաղարի վարդատունկին վրայ այսօր բացուեցաւ գինեգոյն թաւշեայ վարդս, քաղեցի զայն որպէս առաջինը` այսօրուան մտադրութեանս:

Զգլխիչ է կլիման` ո՛չ տաք, ո՛չ պաղ: Գարունն իր սիւքին մեղմութիւնն ու զովութիւնը տարածած է ամէնուրեք:

Առաջին քաղածս բռնած` սկսայ քալել: Տանս դէմի մայթեզրին մանիշակագոյն թրաշուշաններ ծաղկած են, խումբ մը գեղուհիներու նման` կը պչրին անոնք: Ամէն օր անոնց տեսքով զմայլած, կը մօտենամ` մօտէն դիտելու անոնց փերթերը, մանիշակագոյնին դիւթիչ երանգները: Ժպիտը անոնց նկատելի է միշտ, մանաւանդ` անցեալ օր, երբ թաղի տատիկներէն մին կը մաքրէր անոնց արմատներուն չորս կողմը աճող մոլախոտերը, այնպիսի խնամքով, որ չվնասուին անոնք, հանգիստ շնչեն ու աւելի ծաղկին, տարածուին:

Մանիշակագոյնին երանգները գինեգոյնը սիրեցին եւ թաւշեայ հմայքը տարածուեցաւ մանիշակագոյնին վրայ:

Ազատութեան պողոտայի ամբողջ հասակին, երկու կողմերու ընդարձակ մայթերուն վրայ, տեղ-տեղ վարդակակաչներ ցանուած են: Անոնց տեսքը աչք կը քթթէ, գոյները կը թարմացնեն տեսողութիւնը դիտողին: Վարդակակաչներու հայրենիք է կարծես Հայաստանը, որուն բոլոր անկիւնները կը զարդարեն անոնք զանազան գոյներով: Որոշած եմ երեք վարդակակաչ քաղել, երեք գոյն, մտապատկերիս ծաղկեփունջին գոյները ամբողջացնելու: Վստահաբար կը գտնեմ որոշուած գոյներով երեք վարդակակաչներ:

Երբ Հալէպ էինք, մեր զբօսնելու պողոտան Վիլլաներն էր: Գետնայարկերու ծաղկոցներուն յասմիկներու ու մեղրածաղիկներու բարակ ու դարձդարձիկ ճիւղերը կախուած կ՛ըլլային երկաթեայ ճաղերուն վրայէն, պատշգամէն վար դիտող գեղուհիներու նման: Կանաչ, մանր տերեւները շուտով կը զարդարուէին սպիտակ յասմիկներով ու դեղնաւուն մեղրածաղիկներով, որոնք շրջանին անուշ բոյր մը կը հաղորդէին: Երկար չէր տեւեր, սակայն, այս անուշաբոյր ընթացքը, քանի բոլոր անցորդները մէկիկ-մէկիկ կը քաղէին ծաղիկները, ու քանի մը օրէն կ՛անհետանային մարդկային ձեռքի հասողութեան գոյացած ծաղիկները:

Հոս հազարաւոր ծաղիկներու տեսակներ կան, կը շշմէի սկիզբը` մտածելով, թէ ինչո՛ւ արդեօք չեն քաղեր այս գեղեցիկ ծաղիկները ու իրենց տուները զարդարեր: Սակայն ժամանակի ընթացքին վերացաւ այդ սովորութիւնը, ծաղիկը իր տունկին վրայ աւելի երկար կեանք կ՛ունենայ ու աւելի հմայելու առիթ` զինք դիտող աչքերը, յետոյ` ինչո՞ւ քաղել, ինչո՞ւ խլել գեղեցկութիւնը իր բունէն, ինչո՞ւ անոր կեանքին վերջ տալ:

Բայց այսօր, թող ներուի ինծի, որոշած եմ եօթը ծաղիկ քաղել ու հասնիլ իմ նպատակիս: Ահաւասիկ կապոյտ վարդակակաչները կը պսպղան, քիչ անդին կը փայլին կարմիրները, հանդիպակաց մայթին վրայ նարնջագոյնները կը շողշողան:

Փունջս գունեղ երանգներով զարդարուեցաւ: Եռագոյնը սիրեց մանիշակագոյնն ու գինեգոյնը:

Շարունակեմ քալել, դեռ շա՜տ ծաղիկներու կարելի է հանդիպիլ: Կասկատի աստիճանները կը զարդարեն հիրիկներն ու մեխակները: Գունաւոր են հիրիկները, փունջ-փունջ ծաղկած են անոնք, այնպէս խնամքով տեղաւորուած են փունջերը` ճերմակ, դեղին, վարդագոյն, երկերանգներն ալ կան անոնց մէջ: Ո՛չ, այս գեղեցկութիւնը խլել կարելի չէ, մէկ հատիկ մեխակ կարելի է քաղել, այո՛, ահաւասիկ վարդագոյն, սիրուն մեխակ մը. այս գոյնը մեղմութիւն կը պարգեւէ փունջիս վառ գոյներուն:

Կասկատին վարը հասայ արդէն, ճաշարանները զարդարուած են գեղատեսիլ թաղարներով, որոնցմէ փունջ-փունջ գեղեցկութիւն կը հոսի: Ահաւասիկ` փունջ մը մանուշակ, հոս երիցուկներով լի թաղար մը կայ, ահա հոս` հովտաշուշաններ. մայիս ամսուան անզուգական ծաղիկն է ան, իւրաքանչիւր ցօղուն տասնեակէ աւելի մանր սպիտակ ծաղիկներով է զարդարուած, Իշդար աստուածուհիին կը նուիրէին այս ծաղիկներէն` խարոյկներուն մէջ նետելով, նպատակիս ալ կը ծառայէ, ճերմակն ալ կը պակսի արդէն փունջիս մէջ:

Հոն` խոլորձներուն հպարտ կեցուածքը կը հմայէ զիս, երկար ցօղունին վրայ կայտառ ու թարմ տեսք ունին անոնք: Սլացիկ հասակով գեղուհիներուն կը նմանին, աչքառու հմայքը տարածողներուն, որոնք անպայման նայուածքներ կը խլեն բոլոր տարիքներու ու սեռերու ներկայացուցիչներէն: Քիչ անդին նարկիզները ցցած են իրենց գլուխները, սուր ու երկար տերեւներուն մէջէն կ՛երեւի անոնց անուշ դեղինը: Ահա այստեղ խորդենիներ կան: Խորդենիներու բոլոր տեսակներուն ու գոյներուն կարելի է հանդիպիլ ամէնուրեք: Թարմ կանաչ ու խիտ տերեւները փունջ-փունջ, գոյն-գոյն, կէտ-կէտ ներկուած են կարծես ծաղիկներով: Ո՞ր գոյնը քաղեմ, ահաւասիկ ճերմակի ու վարդագոյնի շաղախում մը, անուշ, մեղմ գոյն մըն է:

Փունջս ամբողջացաւ:

Քայլերս զիս կ՛առաջնորդեն դէպի Հանրապետութեան հրապարակ, այսօր Համբարձման տօնն է, եօթը տեսակ ծաղիկները փնջեցի, կազմեցի ծաղկամերը: Հրապարակի շատրուաններէն հոսող ջուրին յանձնեցի զայն, ծաղիկները տարածուեցան ու ծփացին ջուրին երեսին, իսկ ջանկիւլիւմը օրեր առաջ յայտարարուեցաւ ժողովուրդին յաղթանակով:

 

 

Նախորդը

«Տոլմա – 2018» Փառատօնը Թիֆլիսի Մէջ

Յաջորդը

Կենսատու Աւիշ ԼՕԽ-ի Կամաւոր Բանակին

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.