Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 17, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ խորհուրդը հաղորդեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին ներկայացուելիք բողոքներուն վերջնական ժամկէտը 6 յունիսն է:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ ընդունեց երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէն, որուն հետ քննարկեց խորհրդարանական միացեալ համախմբում մը յայտարարելու հեռանկարները:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի հետ: Քննարկուեցան Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ուեհպէ Քաթիշա հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը այս կամ այն նախարարութեան կառչած չի մնար, այլ` կառչած կը մնայ կառավարութեան, զայն դարձնելով երկրին իշխանութեան հարազատ պատկերը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի շեշտեց, որ իրենք բնաւ պիտի չլքեն Պաղեստինեան դատը, մինչեւ որ կարելի ըլլայ յաղթանակ արձանագրել եւ Երուսաղէմը ազատագրել:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի անդամ, երեսփոխան Շամել Ռուքոզ հաստատեց, որ յաջորդ կառավարութիւնը պէտք է դառնայ բոլոր համախմբումները մէկտեղող ամբողջութիւն մը:

ՀԶՕՐ Հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը դարձած է կառավարութեան խիղճը, որ կարելի չէ անտեսել:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի հաստատեց, որ ներկայիս Սուրիա պատրաստ է Լիբանանը օժտել 350 մեկաուաթ ելեկտրական հոսանքով:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալի շեշտեց, որ Լիբանանը համախոհութեամբ պէտք է կառավարել` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ կարեւորագոյն իրագործումը պիտի ըլլայ զայն կազմող բոլոր տարրերուն միջեւ հաւասարակշռութեան պահպանումը:

«ՆԱՇՐԱ» կայքի յատուկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ իրենց նախատեսութեամբ յաջորդ կառավարութեան կազմութիւնը երկար ժամանակ պիտի չխլէ:

 

Նախորդը

Թրամփ Եւ Ցիփրաս Շնորհաւորեցին Վարչապետ Փաշինեանը

Յաջորդը

Պաշիր Խտըր Զօր. Աունին Կը Դիմէ Հակակշիռի Տակ Առնելու Պաալպեքի Ապահովական Խախտումները

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Որոշեց Ոչ Զինուորական  Հանգստեան Կոչուածներուն Ամսական  12 Միլիոն Ոսկիի Դրամաշնորհ Տրամադրել
Լիբանանեան

Կառավարութիւնը Որոշեց Ոչ Զինուորական Հանգստեան Կոչուածներուն Ամսական 12 Միլիոն Ոսկիի Դրամաշնորհ Տրամադրել

January 14, 2026
Լիբանան Ճերմակ Հագաւ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանան Ճերմակ Հագաւ

January 14, 2026
Եգիպտոսի Մէջ.  Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ
Լիբանանեան

Եգիպտոսի Մէջ. Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.