Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Մայիսեան Շքերթ

May 17, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մայիսը հայորդիին համար յաղթանակի ամիսն է:

Իսկ այս տարուանը շատ աւելի իւրայատուկ է, մանաւանդ որ համայն հայութիւնը պիտի տօնէ մայիս 28-ի անկախութեան հարիւրամեակը:

Շատ աւելի տարբեր պայմաններու տակ տրուեցաւ մայիսեան շքերթին ազդանշանը, մայիս 8-ին, Շուշիի ազատագրութեան 26-ամեակին առիթով:

Այսպէս, ազատագրուած Շուշիի հանդիսութիւնը կը վայելէր նաեւ ներկայութիւնը «ազատագրուած» եւ օլիկարխային կարգավիճակէն դուրս եկած Երեւանի, յանձինս` նորընտիր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի:

Վարչապետը, հազիւ պաշտօնի գլուխ անցած, պատիւը ունեցած էր իր առաջին պաշտօնական այցելութիւնը կատարելու Արցախ, ուր պատշաճօրէն կը նշուէր Համաշխարհային Բ. պատերազմի յաղթանակը, Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակի կազմաւորումն ու, անշուշտ, Շուշիի ազատագրման տօնը:

Տարբեր իմաստ, բոյր ու բուրմունք ունին այս տարուան Ստեփանակերտի յուշահամալիրին եւ անոր կողքին գտնուող` արցախեան գոյամարտին զոհուած ազատամարտիկներու եղբայրական գերեզմանատան մէջ զետեղուած ծաղիկներն ու ծաղկեպսակները:

Հպարտ են Շուշիի ազատագրութեան համար զոհուած այդ հերոսները: Հպարտ են եւ յատկապէս` երախտապարտ: Անոնք կրնան հանգստօրէն ննջել կամ իրենց իւրայատուկ յաղթանակի պարը կատարել: Այո՛, իրականացած է անոնց երազը:

Շուշիի ազատագրումը իրագործուած է` շնորհիւ այդ ազատամարտիկներու եւ կամաւորներու արի մարտունակութեան:

Շուշիի ազատագրումը կը խորհրդանշէ ո՛չ միայն հայկական մարտունակութեան անպարտելի ուժը, արժանապատուութիւնն ու կամքը, այլ նաեւ հաւատքը` հողին եւ տեսլականին:

Արիւն հոսեցուց Շուշիի ազատագրումը, որ համեմատած վերջին շաբաթներուն Երեւանի մէջ պատահած անցուդարձերուն` բոլորովին տարբեր պայմաններու տակ կատարուած էր: Այս վերջինին պարագային, օրինակելի եւ իւրայատուկ եղաւ «ազատագրում»-ը` շնորհիւ թէ՛ շահագործողին եւ թէ՛ շահագործուողին օրինակելի վարքագիծին:

Հայորդին ակնածանքով կը հետեւի Շուշիի եւ Երեւանի ազատագրութիւններուն: Ի վերջոյ, Հայաստան թէ՛ ռազմավարական եւ թէ՛ ժողովրդավարական բնագաւառներուն մէջ յաղթական է ալիեւեան բռնատիրութեան տակ ճնշուած Ազրպէյճանին վրայ:

Մայիսեան շքերթին ազդանշանը տրուած է եւ «զանգակատուները անլռելի» պիտի մնան` փառաւոր կերպով նշելով առաջին անկախութեան հարիւրամեակը:

Նախորդը

ՀՕՄ-ը Կ՛ողջունէ Հայաստանի Խաղաղ Եւ Համաժողովրդային Շարժումը

Յաջորդը

Փայլան-Տեմիրթաշ Հանդիպում

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.